Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւրով․ Մոսկուան եւ Երեւանը Փաստաթուղթ կը Մշակեն Հայաստանի մէջ Օտարերկրեայ Զինուորականներու Ներկայութեան Մասին

Լաւրով․ Մոսկուան եւ Երեւանը Փաստաթուղթ կը Մշակեն Հայաստանի մէջ Օտարերկրեայ Զինուորականներու Ներկայութեան Մասին

by MassisPost

Մոսկուան եւ Երեւանը փաստաթուղթ կը մշակեն, որ կ’արգելէ Հայաստանի տարածքին օտարերկրեայ զինուորականներու ներկայութիւնը, այսօր յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը «Քոմսոմոլսկայա Փրաւտա» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

Պատասխանելով Հայաստանի մէջ տեղակայուած երեք ամերիկեան կենսաբանական տարրալուծարաններու մասին հարցին՝ Լաւրով ըսած է. – «Մենք Հայաստանի հետ աւարտին կը հասցնենք փաստաթուղթի մշակումը, որ կ’երաշխաւորէ, որ օտարերկրեայ զինուորականներ չըլլան Հայաստանի մէջ: Այն կ’երաշխաւորէ թափանցիկութիւնը՝ սպառնալիքներու ու վտանգներու առումով»:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը յաւելցուցած է, որ նման համաձայնագիր կը պատրաստուի նաեւ Ղազախստանի հետ:

Ռատիօկայանի լրագրողներու հետ Լաւրովը երկար խօսած էր այն մասին, թէ ինչու Հայաստանի մէջ Ամերիկեան դեսպանատունը այդքան մեծ է, իսկ Ռուսաստանինը՝ փոքր: Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը ըսած էր, որ, այո, Սորոսը, օրինակ, շատ աշխոյժ կ’աշխատի Հայաստանի մէջ, Լաւրով ըսած է «մեր տարածքին մէջ»՝ ի նկատի ունենալով յետխորհրդային տարածքը:

Նախարարը նաեւ ըսած է, թէ Ռուսաստանը միշտ ալ աշխատած է Հայաստանի համակարգային ընդդիմութեան, այդ շարքին նաեւ՝ «Ելք» խմբակցութեան 9 պատգամաւորներու հետ։ Ան խօսած է «փափուկ ուժի» մասին՝ նկատելով, թէ Ռուսաստանը այսօր ալ կը շարունակէ համագործակցել հայաստանեան բոլոր ուժերուն հետ:

Ասոր հետ մէկտեղ, Սերկէյ Լաւրովը կարծես կ’արդարանար՝ յայտարարելով, թէ Ռուսաստանը կը զիջի Միացեալ Նահանգներուն յետխորհրդային տարածքին մէջ եւ մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ, քանի որ նման հսկայական պիւտճէ չունի։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment