Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտօնէն Ազատուած է Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը

Պաշտօնէն Ազատուած է Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը

by MassisPost

Նախագահ Բակօ Սահակեանը պաշտօնէն ազատած է Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեանը: Նոր նախարարը զօրավար Կարէն Աբրահամեանն է, որ մինչեւ այդ նշանակումը կը զբաղցնէր գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնը:

Մնացականեանը առանց պաշտօնի չէ մնացած, ան նշանակուած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն:

Լեւոն Մնացականեանը Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար էր 2015-ի յունիսէն, մինչեւ այդ 3 տարի եղած է Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի տեղակալը:

Թէ ի՞նչն էր Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնանկութեան պատճառը, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ չէ յստակեցուցած Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեանը: Ան ըսած է, որ Մնացականեանը ազատուած է սեփական դիմումի համաձայն․ – «Հիմա ինքը ոչ պակաս կարեւոր պաշտօն է զբաղեցնում, այսինքն Լեւոն Մնացականեանը շարունակում է իր ծառայութիւնները մատուցել հայրենիքին: Նոյն եռանդով, ինչպէս նաեւ նախագահն է նշել, կը շարունակի այդ կարեւոր գործում անմնացորդ ծառայութիւնը հայրենիքին»:

Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի ընդդիմադիր պատգամաւոր Հայկ Խանումեանը չի կարծեր, թէ Լեւոն Մնացականեանը պաշտօնանկ եղած է Սասուն Միքայէլեանին քննադատելու համար, բայց, անոր խօսքով, Մնացականեանը ժամանակ առ ժամանակ իրեն թոյլ տուած է քաղաքական յայտարարութիւններ ընել: Ուստի չէ բացառած․ – «Հրապարակային դաշտում քաղաքական թեմաներով արտայայտուելիս Լեւոն Մնացականեանի աքթիւութեան հետ կարող է կապուած լինել: Լեւոն Մնացականեանը արտայայտուել է նաեւ Հայաստանում քաղաքացիական անհնազանդութեան ժամանակ, թոյլ է տուել անթոյլատրելի արտայայտութիւններ բանակի հրամանատարի առումով: Նման բարձրաստիճան զինուորականների համար, որոնք փաստօրէն բանակի կարծիքն են արտայայտում, նման արտայայտութիւններն անթոյլատրելի են»:

Լեւոն Մնցականեանէն բացի, հայաստանեան մամուլը գրած էր նաեւ Ղարաբաղի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի եւ Բակօ Սահակեանի խորհրդական Արշաւիր Ղարամեանի պաշտօնանկութիւններու մասին։ Անոնց պաշտօններէն ազատելու մասին, սակայն, ոչինչ չէ հաղորդուած:

«Եթէ լինեն ինչ-որ հրամանագրեր՝ կապ չունի, դա գիւղատնտեսութեան ոլորտի հետ է կապուած, թէ անվտանգութեան, մենք դա տալիս ենք: Եթէ չկան այդպիսի բաներ, մենք չենք տալիս», – ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment