Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծերակոյտի Յանձնաժողովը Հաւանութիւն Տուած է ԱՄՆ Դեսպաններու Թեկնածուներուն

Ծերակոյտի Յանձնաժողովը Հաւանութիւն Տուած է ԱՄՆ Դեսպաններու Թեկնածուներուն

by MassisPost

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը երկարատեւ լսումներէ ետք հաւանութիւն տուած է Լինն Թրէյսիին` Հայաստանի մէջ եւ Ըրլ Լիթցընպըրկըրին Ատրպէյճանի մէջ դեսպաններ նշանակելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկին: Այժմ թեկնածութիւնները պէտք է հաստատուին Ծերակոյտի լիագումար նիստին:

Լսումներու ընթացքին Լին Թրէյսին պատասխանած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման, տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ գործօնի, Հայոց ցեղասպանութեան, հայ-ամերիկեան համագործակցութեան մասին հարցերուն:

Դեսպանի թեկնածուն գովեստով խօսած է Հայաստանի մէջ գարնան մեկնարկած եւ յաղթանակով աւարտած համաժողովրդական շարժման մասին: Դեսպանի թեկնածուի խօսքով, Հայաստանը դեռ պէտք է շարունակէ աշխատիլ անցած վեց ամիսներու նուաճումները ամրագրելու համար:

Ան պարտաւորուած է պաշտօնը ստանձնելու պարագային շարունակել իր նախորդի՝ դեսպան Ռիք Միլզի առաքելութիւնը՝ սատարելու հայ ժողովուրդին, որ կը պահանջէ պատասխանատու կառավարում, անարդար մենաշնորհներէ ազատ տնտեսութիւն, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու ապահովում, անկախ դատական համակարգով երաշխաւորուած օրէնքի գերակայութիւն:

Թրէյսին նշած է ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը չափազանց կարեւոր է Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի առաւել ապահով եւ բարգաւաճ ապագայի համար:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին՝ դեսպանի թեկնածուն խուսափած է «genocide» բառէն, կիրառելով վերջին տարիներուն ԱՄՆ բարձրագոյն ղեկավարութեան մակարդակով ճանչցուած եզրոյթները՝ «1915 թուականի սարսափելի իրադարձութիւններ», «Մեծ Եղեռն», «1,5 միլիոն հայերու տեղահանում եւ ջարդ»: Դեսպանի թեկնածուն ըսած է, որ «անհրաժեշտ է ապագայ եւ նոր հնարաւորութիւններ որոնել Հայաստանի գալիք սերունդին համար»:

Կ’ենթադրուի, որ Ծերակոյտը Հայաստանի մէջ դեսպանի թեկնածու Լին Թրէյսիի եւ Ատրպէյճանի մէջ դեսպանի թեկնածու Ըրլ Լիթցընպըրկըրի կը հաստատէ յաջորդ շաբաթ կայանալիք լիագումար նիստի ընթացքին, քանի որ քուէարկութեան յետաձգման դէպքում 2019 թուականին անհրաժեշտ կլինի նորից սկսել ամբողջ գործընթացը, և երկու երկրներում ԱՄՆ դեսպանների պաշտօնները թափուր կմնան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment