Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատարանը Մերժած է Արմէն Գէորգեանին Կալանաւորելու ՅՔԾ-ի Միջնորդութիւնը

Դատարանը Մերժած է Արմէն Գէորգեանին Կալանաւորելու ՅՔԾ-ի Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը մերժած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Արմէն Գէորգեանը երկու ամիսով կալանաւորելու Յատուկ Քննչական ծառայութեան միջնորդութիւնը:

Գէորգեանը, որ կը մեղադրուի 4 յօդուածներով ՝ սահմանադրական կարգը տապալելուն օժանդակելու, փողերու լուացման, խոշոր չափերու կաշառք ստանալու եւ արդարադատութեան խոչընդոտելու համար, դատարանի որոշման հրապարակումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, թէ դատաւորը արդար որոշում կայացուցած է, հակառակ երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Ուշագրաւ է, որ որոշման հրապարկումէն առաջ արդէն Գէորգեանը լաւատեսօրէն տրամադրուած էր․ – «Դատարանը կալանաւորման միջնորդութիւնը մերժեց։ Եւ ես կարծում եմ, որ կայացուել է իրօք արդար որոշում այնքանով, ինչքանով հաշուի են առնուել մեր փաստարկները դատական նիստերի ժամանակ: Բայց դա չի նշանակում, որ գործը աւարտուել է, մենք շարունակելու ենք աշխատել: Մենք շարունակելու ենք ներկայացնել նաեւ մեր փաստարկները, մեր մօտեցումները՝ հիմնաւորելով մեր անմեղութիւնը եւ ներկայացուած մեղադրանքների անհիմն լինելը»:

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք ինք առնչութիւն ունի 2008 թուականի Մարտի 1-ի արիւնալի իրադարձութիւններուն հետ՝ հաշուի առնելով, որ սահմանադրական կարգի տապալման օժանդակելու յօդուածը այդ գործին կ’առնչուի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Արմէն Գէորգեանը ըսած է, թէ իրեն համար անակնկալ եղած է այդ մեղադրանքը՝ աւեցնելով․ – «Ես կարծում եմ, որ քննութիւնը բոլոր հանգամանքները կը պարզի: Մինչեւ էդ էլ արդէն կայացուած դատական վճիռներ կան, օրինական ուժի մէջ մտած, որով արձանագրուած է ով ինչ մեղք է ունեցել Մարտի 1-ի հանգամանքներում եւ այլն: Իմ համար նոյնպէս անակնկալ է եղել, երբ որ չորս ամիս յետոյ մեղադրանքը փոխուել է՝ հաշուի առնելով, որ օգոստոսի 3-ին, երբ որ դատարանի վրայ ազդելու մեղադրանքը ներկայացուում էր, արդէն մի շաբաթ առաջ սահմանադրական կարգի տապալման մասին, ըստ էութեան, մեղադրանքը ուրիշների ներկայացուած է եղել: Ինչ փոխուեց չորս ամսուայ ընթացքում ես չգիտեմ»:

Սահմանադրական կարգի տապալման յօդուածով կը մեղադրուին Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը։

Գէորգեանի փաստաբան Էրիկ Ալեքսանեանը խօսելով դատարանի որոշման մասին, ըսած է, որ դեռ ծանօթ չեն այդ որոշման, հետեւաբար չեն կրնար ըսել, թէ Արմէն Գէորգեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը մերժուած է հիմնաւոր կասկածի բացակայութեա՞ն, թէ՞ կալանաւորման հիմքերու բացակայութեան պատճառով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment