Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան եւ Երեւանը Երկկողմ Յարաբերութիւններու Զարգացման Շատ Լաւ Ներուժ Ունին. Զախարովա

Մոսկուան եւ Երեւանը Երկկողմ Յարաբերութիւններու Զարգացման Շատ Լաւ Ներուժ Ունին. Զախարովա

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Մոսկուան եւ Երեւանը երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման շատ լաւ ներուժ ունին:

«Մենք հսկայական ներուժ ունինք, կան բոլոր հնարաւորութիւնները՝ զարգացնելու եւ պահպանելու այն աշխուժութիւնը, որու հիմքը դրուած է անցեալին: Մենք երկկողմ յարաբերութիւններու  դրական արտակարգ   շարժ   ունեցած ենք, որոնք կառուցուած են տարիներով, իր նպաստը բերելով երկու երկիրներու ժողովուրդներուն: Կը կարծեմ՝ Հայաստանի մէջ գիտեն, թէ Ռուսաստանը որքան ներդրած է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, թէ՛ քաղաքական կամք, թէ՛ նիւթական միջոցներ։ Եւ ես կը կրկնեմ՝ մենք միշտ շահագրգռուած ենք, որ մեր հարեւանները, մեր բարեկամ ժողովուրդները բարգաւաճեն: Այն առաջին հերթին մեր շահերէն կը բխի»,-ըսած է Զախարովան՝ ընդգծելով, որ  այդ  դրական  աշխուժութիւնը պէտք է պահպանել, եւ նաեւ համագործակցութեան նոր ուղիներ գտնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment