Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լուկաշենքոն Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ Ներողութիւն Խնդրած է Փաշինեանէն

Լուկաշենքոն Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ Ներողութիւն Խնդրած է Փաշինեանէն

by MassisPost

Պելառուսի նախագահը 6 Դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած ԱՊՀ գագաթնաժողովի ժամանակ ներողութիւն  խնդրած է Հայաստանի վարչապետէն՝ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հարցի վերաբերեալ ըրած կտրուկ յայտարարութիւններուն համար: Այդ մասին Ալեքսանտր Լուկաշենքոն պատմած է ռուսաստանցի լրագրողներուն՝ պնդելով, թէ այդ օրը ներկաներէն շատերը մէկը միւսէն ներողութիւն խնդրած է:

«Ես ներողութիւն խնդրեցի Նիկոլ Փաշինեանէն՝ տարբեր առիթներով անոր հասցէին ըրած յայտարարութիւններուս համար: Փութինը ներողութիւն խնդրեց բոլորէն: Այնտեղ իսկական խառնաշփոթ էր, մենք իսկապէս մէկս միւսէն ներողութիւն կը խնդրէինք», – պատմած է Լուկաշենքոն:

Փաստելով, որ այդ օրը ընդունած է իր սխալը Փաշինեանի առջեւ, Լուքաշենքօն կրկին առաջ տարած է սեփական տեսակէտը ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի նշանակման շուրջ եւ կոչ ըրած Հայաստանի իշխանութիւններուն համաձայնիլ այդ պաշտօնին իր ներկայացուցիչի նշանակմանը:

«Խայտառակութիւն է, որ մենք չենք կրնար ՀԱՊԿ ղեկավար ընտրել», – ըսած է Պելառուսի նախագահը՝ քննադատութեան սլաքը ուղղելով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի կողմը․ – «Խնդիրը ոչ թէ մենք ստեղծած ենք, այլ՝ ինք: Երբ կը ձերբակալես կազմակերպութեան նախկին ղեկավարը, իմաստուն եղիր եւ կամացուկ լուծէ այս հարցը, կ’ընտրէինք նոր ղեկավար, վերջինս այդքան ալ մեծ դեր չի խաղար այնտեղ, եւ այս խնդիրն ալ չէր առաջանար: Բայց չէ, Նիկոլ Փաշինեանը մեզ թաթախեց ներքաղաքական խնդիրներու մէջ»:

Պելառուսի նախագահը արձագանգած է Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու մասին Փաշինեանի կշտամբանքներուն, միայն թէ Լուքաշենքօն սեփական մեղքը բոլորովին այլ կերպ մեկնաբանած է: «Ատրպէյճանցիները կը խնդրէին՝ վաճառէք մեզի։ Իսկ մեզի  պէտք էր փակել այն վարկը, որ վերցուցած էինք անկէ առաջ: Եւ ես ըսի՝ կը վաճառեմ ատրպէյճանցիներուն, ու նոյնանման համալիր նաեւ Հայաստանին առաջարկեցի: Հայերը հրաժարեցան՝ ըսելով, թէ ռուսական «Իսքանտար» ունին, որ շքերթի ժամանակ ցոյց տուած են: Մենք ալ, ատրպէյճանցիներու խնդրանքով, համալիրը պատրաստեցինք այնպէս, որ հասցնենք, եւ այն ցուցադրուի շքերթին: Թերեւս այդ իմ մեղքը, որ զէնքը հասցուցած եմ ռազմական շքերթին», – ըսած է Լուքաշենքօն` յատուկ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանին զէնք մատակարարող երկիրներու շարքին Պելառուսը չորրորդն է: – «Որքան գիտեմ, առաջին հորիզոնականին Ռուսաստանն է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment