Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բակօ Սահակեանը Երեւանի Մէջ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ Քննարկած է Ներքին եւ Արտաքին Քաղաքականութեան Հարցեր

Բակօ Սահակեանը Երեւանի Մէջ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ Քննարկած է Ներքին եւ Արտաքին Քաղաքականութեան Հարցեր

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, 13 Դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ  հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 2019 թուականի պետական պիւտճէներու ձեւաւորման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment