Home ԱՅԼԱԶԱՆ Բժիշկ- Միսիոներ Թոմ Քաթինան Նշանակուած է «Աւրորա»-ի Նախագահ

Բժիշկ- Միսիոներ Թոմ Քաթինան Նշանակուած է «Աւրորա»-ի Նախագահ

by MassisPost

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագահ դարձած է ամերիկացի բժիշկ, կաթոլիկ միսիոներ Թոմ Քաթինան:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն IDeA հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինէն, նշանակման մասին ազդարարուած է Պեռլինի մէջ տեղի ունեցող Aurora Dialogues քննարկումներու ընթացքին:

Թոմ Քաթինայի գործունէութեան շրջանակը կը ներառէ ոլորտի կարեւորագոյն ներկայացուցիչներու ներգրաւումը, աշխատանքը աշխարհասփիւռ գործընկերներու հետ, «Աւրորա»-ի կրթական եւ հանրային իրազեկման նախագիծերու ղեկավարումը` ներառեալ միջազգային ճանաչում ունեցող «Աւրորա» մրցանակը:

2017-ի Մայիսին բժիշկ Քաթինան «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր հռչակուեցաւ` Նուպայ լեռներուն մէջ իր անձնուրաց աշխատանքին համար:

«Մենք շատ ուրախ ենք ողջունելով նախաձեռնութեան առաջին նախագահը: Թոմ Քաթինան իրապէս կը մարմնաւորէ «Աւրորա»-ի ոգին, որ առաջ մղելու շարժիչ ուժը պիտի ըլլայ` օգնելով հասցնել մեր մարդասիրական առաքելութիւնը ատոր կարիքը ունեցողներուն եւ երախտագիտութիւն յայտնել անոնց, որոնք դրական փոփոխութիւն կը բերեն: Հաճելի է, որ 2017-ին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը այս կազմակերպութեան առաջին նախագահն է»,- ըսուած է «Աւրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներու համատեղ յայտարարութեան մէջ:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է գլխաւորել «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը: Ես երախտապարտ եմ այն ազդեցութեան համար, որ «Աւրորա» մրցանակը ունեցաւ իմ կեանքիս մէջ, ինչպէս նաեւ «Գթութեան մայր» հիւանդանոցին տրամադրուած ֆինանսական աջակցութեան համար, որ Սուտանի մէջ օգնեց փոխակերպել Նուպայի ժողովուրդի կեանքը: Ես կը հաւատամ այսօրուան կարեւորագոյն մարտահրաւէրներուն ուղղուած մարդասիրութեան պարզ, բայց հզօր ուժին եւ իմ նոր դերին մէջ հաւատարիմ պիտի մնամ «Երախտագիտութիւնն` ի գործ» գաղափարին` սատարելով «Աւրորա»-ին՝ օգնութեան ձեռք մեկնել անոնց, որոնք կարիք ունին սեփական ապագան ստեղծելու»,- ըսած է Թոմ Քաթինան:

«Աւրորա»-ի ղեկավարութեան մէջ եւս մէկ փոփոխութիւն կատարուած է. նախաձեռնութեան գործառնութիւններու գծով տնօրէն նշանակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նախկին տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment