Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ապրիլ-Մայիսի Իրադարձութիւնները Կարեւոր Դրդապատճառներ Ունէին». Զոհրապ Մնացականեան

«Ապրիլ-Մայիսի Իրադարձութիւնները Կարեւոր Դրդապատճառներ Ունէին». Զոհրապ Մնացականեան

by MassisPost

Ապրիլ-Մայիսէն մինչեւ Դեկտեմբերը ինկած ժամանակահատուածը, իրապէս, շատ կարեւոր էր, Թիֆլիսի մէջ ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան Քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի 10-րդ տարեկան վեհաժողովին որպէս հրաւիրեալ բանախօս իր ելոյթին մէջ յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը՝ նշելով, որ Ապրիլ-Մայիսի իրադարձութիւնները ոչինչէն տեղի չունեցան։

«Օրինական կարողութիւնների հետեւողական ամրապնդումն էր, որ թոյլ տուեց հայ հասարակութեանն առերեսուելու այդ ամիսներին տեղի ունեցած զարգացումներին: Մեզ շատ յաճախ են ուղղել ապրիլին եւ մայիսին տեղի ունեցած իրադարձութիւններին վերաբերող հարցեր. դա բացառապէս ներքին հարց է, բացառապէս Հայաստանով պայմանաւորուած գործընթաց», – ըսած է Մնացականեանը՝ շարունակելով. – «1991թ․ անկախութիւն հռչակելիս սահմանեցինք երկրի այն տեսակը, որը ցանկանում էինք կառուցել․ երկիր, որը կառուցուած է ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան սկզբունքների վրայ։ Մենք շատ անհարթ ճանապարհ ենք անցել՝ մեր պատմութեան անցած 27 տարիների ընթացքում ունենալով շատ դէպքեր, երբ տեղի են ունեցել որպէս մեր պետականակերտման հիմք հռչակուած սկզբունքների հիմնարար ձախողումներ։ Սակայն առկայ էր նաեւ հետեւողական եւ աստիճանական կայացման գործընթաց այնպիսի բնագաւառներում, ինչպիսիք են հասարակական կառոյցները, քաղաքացիական հասարակութիւնը, լրատուամիջոցները, պետական կառավարման մարմինները։ Աստիճանաբար կայանում էր բողոք արտայայտելու պարզ, քաղաքականապէս հասուն եւ իրաւականօրէն գրագէտ ձեւը, ինչպէս նաեւ այդ ցնցումը կլանելու հասարակութեան եւ հիմնարկների կարողութիւնը»։

Մնացականեանը նշած է, որ նախորդ ամիսներու ընթացքին կառավարութեան առաջնային նպատակները հիմնուած եղած են հասարակութեան շատ պարզ, լայն, ամուր մանդատի վրայ, եւ պահանջներու ցանկին մէջ առաջնահերթութիւնները պայմանաւորուած էին արդարադատութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, օրէնքի գերակայութեան հարցերով։

«Շատ ոգեւորիչ է, որ վարչապետի կուսակցութիւնը հետեւողական էր տրուած մանտաթի շրջանակներում այդ հարցերին լուծում տալու իր մղման եւ հասարակական այդ հզօր աջակցութիւնը պահպանելու մէջ, աջակցութիւն, որն արտացոլուեց կիրակի օրը կայացած ընտրութիւնների ժամանակ։ Միջազգային դիտորդական առաքելութիւնները շատ բարձր են գնահատել Հայաստանում կայացած ընտրութիւնները, ինչը շատ կարեւոր է եւ արտայայտում է մեր գործընկերների հետ համագործակցութեան բնոյթը։ Սակայն այս ամէնում ամենակարեւորը ընտրութիւնների արդիւնքների ընդունումն է հասարակութեան, ընտրական գործընթացի մասնակիցների կողմից», – ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment