Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի կալանքը երկու ամիսով երկարաձգելու՝ քննիչի միջնորդութիւնը եւ մերժած է գրաւի դիմաց ազատ արձակելու՝ անոր պաշտպաններու միջնորդութիւնը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է 62-ամեայ զօրավար փաստաբան Արսէն Մկրտչեանը:
Գրիգորեանը դատական նիստին ներկայ չէ եղած, ինչպէս պաշտպանը փոխանցած է՝ առողջական վիճակի պատճառով:
Մանուէլ Գրիգորեանը կը մեղադրուի ապօրինի կերպով ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ պահելու, ինչպէս նաեւ առանձնապէս խոշոր չափերով գոյք յափշտակելու մէջ։
Զօրավարը կալանաւորուած է այս տարուան յունիսին, դատարանը արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով երկարաձգած է անոր կալանքի ժամկէտը: