Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Անհամբեր Կը Սպասենք Նոր Խորհրդարանի Եւ Կառավարութեան Հետ Աշխատանքին». ԱՄՆ-ը Շնորհաւորած Է Հայաստանը

«Անհամբեր Կը Սպասենք Նոր Խորհրդարանի Եւ Կառավարութեան Հետ Աշխատանքին». ԱՄՆ-ը Շնորհաւորած Է Հայաստանը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները շնորհաւորած է Հայաստանի ժողովուրդը Դեկտեմբեր 9-ին իրականացուած խորհրդարանական ընտրութիւններու կապակցութեամբ:

«Մենք կ՛ողջունենք ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի գնահատականը, որ ընտրութիւնները մրցակցային էին, եւ բոլոր թեկնածուները հնարաւորութիւն ունէին ազատ քարոզարշաւ կատարելու», – ըսուած է ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգները համաձայն է ԵԱՀԿ նախնական եզրակացութեան, որ ընտրական գործընթացը կը վայելէր հանրային լայն աջակցութիւն եւ յարգանք հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ:

«Մենք կը խրախուսենք իշխանութիւնները՝ յետագայ ընտրութիւններու հարցով դիմել ԵԱՀԿ-ին եւ Վենետիկի յանձնաժողովին՝ առաջարկութիւններու համար», – նշուած է Ուաշինկթընի յայտարարութեան մէջ:

ԱՄՆ Պետետական Քարտուղարութեան կայքին մէջ տեղադրուած ուղերձին մէջ նաեւ ըսուած է. – «Այս տարին Հայաստանի համար նշանակալի փոփոխութեան ժամանակ էր: 27 տարի է՝ Միացեալ Նահանգները ձգտած է աջակցիլ ժողովրդավարական գործընթացներու եւ հաստատութիւններու զարգացման, եւ մենք պիտի շարունակենք ընել այդ:

Անհամբեր կը սպասենք նոր խորհրդարանի եւ կառավարութեան հետ աշխատանքին՝ խորացնելու համար մեր երկկողմ համագործակցութիւնը եւ գործընկերութիւնը, ամրապնդելու օրէնքի գերակայութիւնն ու ժողովրդավարական հաստատութիւնները, կաշառակերութեան դէմ պայքարը, խրախուսելու առեւտուրն ու ներդրումները եւ ապահովելու տարածաշրջանային ու համաշխարհային անվտանգութիւնը»:

Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) միջազգային դիտորդական առաքելութիւնը հրապարակեց նախնական զեկոյցըª ընդգծելով, որ ընտրութիւններուն յաղթողը Հայաստանի ժողովուրդն է: Իսկ քուէարկութիւնը ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը գնահատեց «ազատ, թափանցիկ, շատ լաւ կազմակերպուած, առանց ճնշումներու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment