«Եթէ քաղաքական որեւէ ուժ Սահմանադրական դատարանում չբողոքարկի ընտրութիւնների արդիւնքները, նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը կը գումարուի յաջորդ տարուան Յունուարի 7-ին: Եթէ բողոքարկող լինի, առաջին նիստի օրը կը յետաձգուի», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ կարծիք յայտնած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ, պատգամաւորի թեկնածու Վահագն Յովակիմեանը:
Ըստ «ԱԺ կանոնակարգ» օրէնքի, արտահերթ ընտրութեան պարագային առաջին նստաշրջանը կը հրաւիրուի նորընտիր խորհրդարանի կազմաւորումէն ետք՝ երկրորդ Երկուշաբթի: Օրը պէտք է յայտարարէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահը, սակայն Տիգրան Մուկուչեանը չի շտապեր այն յայտարարել: Նաեւ տեսակէտ կայ, որ Սահմանադրական դատարանի կողմէ ընտրութեան արդիւնքները չվիճարկուելու պարագային, Ազգային ժողովի առաջին նիստը կ’իրականացուի այս տարուան 24 Դեկտեմբերին:
Վահագն Յովակիմեանի խօսքով, Ազգային ժողովը կազմաւորուած կը համարուի, երբ ԿԸՅ-ը կը յանձնէ մանտաթները: 16 Դեկտեմբերին յանձնաժողովը պիտի ամփոփէ ընտրութիւններու արդիւնքները, 21 Դեկտեմբերը Սահմանադրական դատարան դիմել-չդիմելու օրն է: Թէ՛ բողոքարկելու, թէ՛ չբողոքարկելու պարագային, ըստ Յովակիմեանի, նաեւ ինքնաբացարկներու համար ժամկէտ կը տրուի, իսկ մանտաթներ ԿԸՅ-ն միայն անկէ ետք կը յանձնէ:
«Բողոքարկում չլինելու դէպքում Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը վերջին շաբաթում, եթէ արձանագրութիւն կազմի մանտաթներ տրամադրելու վերաբերեալ, ապա առաջին նիստը կը նշանակուի Յունուար 7-ին: Եթէ տեղի ունենայ բողոքարկում, այսինքն Սահմանադրական դատարանը 15-օրեայ ժամկէտում պարտաւորուած լինի որոշում կայացնել, ապա մանտաթների տրամադրումը պէտք է տեղի ունենայ այդ որոշումը կայացնելուց յետոյ: Ըստ այդմ, առաջին նիստը կարող է յետաձգուել մինչեւ Յունուարի 14-ը կամ 21-ը, նայած թէ երբ Սահմանադրական դատարանը իր որոշումը կը կայացնի», – նշած է Վահագն Յովակիմեան:
ԱԺ-ի ընտրութեան մասնակիցներէն որեւէ մէկը այս պահուն չէ յայտարարած ընտրութիւններու արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին բողոքարկելու մտադրութեան մասին: