Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քեւին Օքսուզը Յանձնուած Է ԱՄՆ-ի Իրաւապահ Մարմիններուն

Քեւին Օքսուզը Յանձնուած Է ԱՄՆ-ի Իրաւապահ Մարմիններուն

by MassisPost

ԱՄՆ քաղաքացի, ազգութեամբ թուրք Քեւին Օքսուզը յանձնուած է ԱՄՆ-ի իրաւապահ մարմիններուն:

ԱՄՆ-ի արդարադատութեան նախարարութեան հանրային կապերու բաժնի տարածած հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Օքսուզը իրեն մեղաւոր ճանչցած է ԱՄՆ իրաւապահներու կողմէ ներկայացուած մեղադրանքուն մէջ:

«Օքսուզի դատավճիռը պիտի հրապարակուի Քոլումպիայի նահանգի շրջանային դատարանի կողմէն 2019-ի Փետրուարի 11-ին: ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց գրասենեակը եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը, համագործակցելով Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, զգալի աջակցութիւն ցուցաբերած են արտայանձնման գործընթացին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազի կողմէն որոշում կայացուած էր Քեւին (Քեմալ) Օքսուզի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելու նպատակով անոր յանձնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրաւասու մարմիններուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւասու մարմիններուն յանձնարարուած էր իրականացնել Ք. Օքսուզի փոխանցումը ԱՄՆ իրաւասու մարմիններուն:

ԱՄՆ իրաւասու մարմիններու կողմէ հետախուզուող Օքսուզի նկատմամբ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի Օգոստոսի 31-ի որոշմամբ կիրառուած էր կալանաւորում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment