Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրեմլին․ ՀԱՊԿ Նոր Գլխաւոր Քարտուղարի Հարցը կը Մնայ Չլուծուած

Քրեմլին․ ՀԱՊԿ Նոր Գլխաւոր Քարտուղարի Հարցը կը Մնայ Չլուծուած

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Պեսկովը յայտարարած է, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի հարցը  չէ լուծուած:

Տմիթրի Պեսկովը այդ մասին ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ՝ լուծուա՞ծ է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցը:

«Ոչ, հարցը չէ լուծուած: Բնականաբար, ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ղեկավարներու զրոյցի ընթացքին օրակարգէն դուրս այդ հարցի քննարկումը նախաձեռնած է Ալեքսանտր Լուքաշենկոն: Սա նորմալ ձեւաչափ է, իւրաքանչիւր երկրի ղեկավար ազատ է բարձրացնել այն հարցերը, որոնք անհրաժեշտ կը համարէ»,- ըսած է Պեսկովը:

Քրեմլինի խօսնակը մասնաւորապէս նշած է, որ Պելառուսի նախագահը վիճայարոյց այդ հարցին անդրադարձած ժամանակ, ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու բոլոր առաջնորդները չեն եղած բանակցային սեղանին շուրջ: «Վերջիններիս [բացականերու] հետ քննարկումները շարունակած են աւելի ուշ՝ ԱՊՀ գագաթնաժողովի ընթացքին», -ըսած է Պեսկով՝ ընդգծելով, որ վերջնական համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած:

«Աշխատանքները պիտի շարունակուին»,- ընդգծած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մամլոյ խօսնակը:

Յիշեցնենք, որ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենկոն յայտարարած էր, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հարցը լուծուած է, եւ այդ պաշտօնին պիտի նշանակուի Պելառուսի ներկայացուցիչը: Պելառուսի նախագահի յայտարարութիւնը հերքած էր ՀՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակ Արման Եղոյեանը՝ նշելով, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հարցը չէ լուծուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment