Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան եւ Ալիեւի Զրուցած են Գերիներու Փոխանակման Մասին

Փաշինեան եւ Ալիեւի Զրուցած են Գերիներու Փոխանակման Մասին

by MassisPost

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը լրագրողներու հետ հարցազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ոչ պաշտօնական հանդիպման:

«Զրուցել ենք գերիների փոխանակման հետ կապուած: Ցաւոք, համաձայնութեան չենք եկել, բայց քննարկումները կը շարունակենք: Գիտէք, որ իրենք առաջարկում են բոլորը բոլորի դիմաց սկզբունքը, բայց մենք այդտեղ խնդիր ունենք: Արցախի իշխանութիւնների հետ էլ պէտք է քննարկենք: Զրուցել ենք նաեւ  բանակցային գործընթացի նախորդ պատմութիւնից, դրուագներից եւ այլն», – ըսած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ այդ ոչ թէ հանդիպում եղած է, այլ շփում:

Փաշինեանը տեղեկացուցած է, որ Եւրասիական տնտեսութեան միութեան (ԵՏՄ) բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք տեղի ունեցած Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) ֆորմաթով ճաշ, որու ընթացքին ալ եղած է իր եւ Ատրպէյճանի նախագահի շփումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment