Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերաքննիչ Դատարանի Որոշմամբ Ռոպերթ Քոչարեանը Կրկին Կալանաւորուած է

Վերաքննիչ Դատարանի Որոշմամբ Ռոպերթ Քոչարեանը Կրկին Կալանաւորուած է

by MassisPost

Սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրվող Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը դարձեալ կալանաւորուած է նոյն օրը Վերաքննիչ դատարանի հրապարակած որոշման համաձայն:

«Առաջին ատեանի դատարանի որոշումը թողնուել է անփոփոխ, մեր բողոքները մերժուել են: Դա բողոքարկուելու է», – լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Քոչարեանի պաշտպաններէն Հայկ Ալումեանը: – «Դատարանի որոշման հիման վրայ [Քոչարեանը] կալանաւորուելու է», – աւելցուցած է ան:

Վերաքննիչ դատարանը գործը քննած էր հինգ օրուան ընթացքին:

15 Նոյեմբերին Վճռաբեկ դատարանը մասնակի բաւարարած էր գլխաւոր դատախազութեան բողոքը՝ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորման վերաբերեալ որոշումը կրկին հասցէագրելով վերաքննիչ ատեանին: Դատախազութիւնը Վճռաբեկ դատարանէն պահանջած էր բեկանել Վերաքննիչի որոշումն ու ուժի մէջ ձգել առաջին ատեանի որոշումը, որ նախկին նախագահը կալանաւորելու որոշում կայացուցած էր:

Նախկին նախագահին մեղադրանք առաջադրուած է «Մարտի 1»-ի գործի շրջագիծէն ներս: 27 Յուլիսին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրած էր երկամսեայ կալանաւորումը: 13 Օգոստոսին, սակայն, Վերաքննիչ դատարանը վերացուցած էր առաջին ատեանի այդ որոշումը՝ Սահմանադրութեամբ նախագահին տրուած անձեռնմխելիութեան հիմքով:

Քոչարեանի խափանման միջոցը վերացնելու՝ Վերաքննիչ դատարանի որոշումը բողոքարկելու համար վճռաբեկ ատեան դիմած էին թէ՛ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանները, եւ թէ՛ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment