Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Եղբօր Որդին Նարեկ Սարգսեանը Յայտնաբերուած է Փրակի մէջ

Սերժ Սարգսեանի Եղբօր Որդին Նարեկ Սարգսեանը Յայտնաբերուած է Փրակի մէջ

by MassisPost

«Ինթըրփոլի» աջակցութեամբ 6 Դեկտեմբերին Փրակի մէջ յայտնաբերուած է Հայաստանի իրաւապահներուն կողմէն միջազգային մակարդակով հետախուզուող Նարեկ Սարգսեանը, որ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր Ալեքսանտր Սարգսեանի որդին է:

Յայտնաբերման պահուն, ըստ ոստիկանութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան, ան ներկայացուցած է Կուաթեմալայի քաղաքացիի կեղծ անձնագիր՝ Ֆրանքլին Կոնզալեսի անհատական տուեալներով։

Հետախուզուողի յայտնաբերման մասին տեղեկութիւնը փոխանցուած է Գլխաւոր դատախազութիւն՝ էքստրադիցիայի գործընթացը կազմակերպելու նպատակով:

Գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ յայտնաբերման մասին տեղեկատուութիւնը ստացած են եւ աւելցուցած․ – «Սահմանուած ժամկէտում կը ներկայացնենք յանձնման վերաբերեալ միջնորդութիւն: Ընթացակարգի վերաբերեալ այլ տեղեկատուութիւն կը տրամադրենք յետագայում»:

Յիշեցնենք, որ 26 Յունիսին Նարեկ Սարգսեանի նկատմամբ յարուցուած էր քրէական գործ՝ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու, փոխադրելու կամ կրելու, եւ թմրամիջոցներու, հոգեմէտ նիւթերու ապօրինի շրջանառութիւն իրացնելու կամ պատրաստելու նպատակով կամ զանոնք ապօրինի իրացնելու յատկանիշներով:

Նարեկ Սարգսեանի ու իր թիկնապահի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած էր դեռ 5 Յուլիսին, այն բանէն ետք, երբ իրաւապահները, վերջինիս պատկանող բնակարանէն տեղափոխման պահուն յայտնաբերած էին երկու ճամպրուկ թմրամիջոցներ եւ զէնքեր: Բացի այդ, ԱԱԾ-ն հաղորդում ստացած է այն մասին, որ դեռ 2013 թուականին Նարեկ Սարգսեանը, չարաշահելով նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի ժառանգներէն մէկուն վստահութիւնը, անկէ վերցուցած է նկարիչի 14 գծանկարները, իսկ յետոյ, անտեսելով տուժողի բազմաթիւ պահանջները, հրաժարած էր վերադարձնել։ ԱԱԾ աշխատակիցները 4 Յուլիսին խուզարկութիւն կատարած են Նարեկ Սարգսեանի հաշուառման վայրին մէջ, ուրկէ յայտնաբերուած են նկարները, ինչպէս նաեւ 115,000 ԱՄՆ տոլար, 27,000 եուրօ, թանկարժէք ժամացոյցներ, բազմաթիւ ոսկեայ մետաղադրամներ եւ զարդեր, որոնց ձեռքբերման հանգամանքներու օրինականութիւնը պիտի ստուգուի քրէական գործի վարոյթի շրջածիրէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment