Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձնահիւսի Տակ Մնացած Հինգ Զինծառայողներէն Մէկը Գտած են Մահացած

Ձնահիւսի Տակ Մնացած Հինգ Զինծառայողներէն Մէկը Գտած են Մահացած

by MassisPost

5 Դեկտեմբերին Սիւնիքի մարզի` N զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ, ձնահիւսի տակ մնացած են հինգ պայմանագրային զինծառայողներ: Ձեռնարկուած որոնողական-փրկարարական աշխատանքներու արդիւնքով չորս պայմանագրային զինծառայողները նոյն օրը յաջողած են դուրս բերել ձնահիւսէն: Յայտնաբերուած զինծառայողներու առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար:

6 Դեկտեմբերին, ժամը 14.00-ի սահմաններուն, յայտնաբերուած է ձնահիւսի տակ մնացած պայմանագրային զինծառայող Հայկ Սամուէլի Քարամեանի դին ( 1995-ի ծնունդ, զինուած ուժերու մէջ էր 2016-էն, Սիսիանի զ/կ), կը տեղեկացնէ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:

Դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Հայկ Քարամեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment