Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանը Հրաժարած է Ատրպէյճանին Հրթիռային Համալիր Վաճառել՝ Սեփական Անվտանգութեան ու Ղարաբաղեան Խնդրի Պատճառով

Ռուսաստանը Հրաժարած է Ատրպէյճանին Հրթիռային Համալիր Վաճառել՝ Սեփական Անվտանգութեան ու Ղարաբաղեան Խնդրի Պատճառով

by MassisPost

Ռուսաստանը հրաժարած է Ատրպէյճանին «Բալ-Է» առափնեայ հրթիռային համալիր վաճառել, կը գրէ «Քոմերսանթ»-ը, մանրամասնելով՝ գործարքը տապալած է ռուսական կողմի որոշմամբ: Ըստ պարբերականի՝ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ի դէմս Ատրպէյճանի հնարաւոր վտանգ տեսած է եւ եզրակացուցած է, որ այդ զինատեսակի՝ նոյնիսկ արտահանման համար նախատեսուած տարբերակը կրնայ սպառնալիք ըլլալ Ռուսաստանի տարածքային ջուրերուն մէջ գտնուող Կասպեան նաւատորմին համար:

Հակառակորդի նաւերը խոցելու համար նախատեսուած այդ համալիրով Ատրպէյճանը սկսած էր հետաքրքրուիլ դեռ չորս տարի առաջ՝ Կասպից ծովի իր հատուածի անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով: Ըստ «Քոմերսանթ»-ի աղբիւրներուն՝ Մոսկուան ու Պաքուն նոյնիսկ նախաստորագրած էին անոնց մատակարարումներու պայմանագիրը, սակայն փաստաթուղթի վերջնական ստորագրման գործը չէր հասած. Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան փորձագէտներէ առարկած էին, զգուշացնելով՝ համալիրը կրնայ օգտագործուիլ ռուսական նաւերուն դէմ: «Մեր այդ փաստարկներուն հետ վիճիլը անիմաստ էր, այդ իսկ պատճառով, նախաստորագրուած համաձայնագիրը բանակցութիւններէն դուրս բերուեցան», – ըսած է նախարարութեան բարձրաստիճան զինուորականներէն մէկը:

Ընդգծելով, որ գործարքը տապալած է Ռուսաստանին սպառնացող հնարաւոր վտանգներուն պատճառով, «Քոմերսանթ»-ի բարձրաստիճան աղբիւրները միաժամանակ չեն թաքցուցած, որ այս հարցի մէջ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ ղարաբաղեան խնդիրը: «Այստեղ շատ նուրբ աշխարհաքաղաքական հարց մը կայ», – «Քոմերսանթ»-ին ըսած է ռուսական պաշտպանական գերատեսչութեան աղբիւրը, մանրամասնելով՝ վերջին տարիներուն համալիրի X-35 դասի հրթիռները, որոնք ունակ են խոցել հակառակորդի թիրախները մինչեւ 120 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, արդիականացուած են եւ կրնան օգտագործուիլ ոչ միայն ջուրի մէջ, այլեւ՝ ցամաքի վրայ: «Մենք այնքան ալ չէինք ցանկար, որ այս զէնքը գործադրուէր ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ», – ըսած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment