Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպացի Դիտորդները Դրական Կը Գնահատեն Նախընտրական Քարոզարշաւի Ընթացքը

Եւրոպացի Դիտորդները Դրական Կը Գնահատեն Նախընտրական Քարոզարշաւի Ընթացքը

by MassisPost

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները դիտարկող կազմակերպութիւններու եւրոպական ցանցի՝ ENEMO-ի (European Network of Elections Monitoring) յայտարարած են որ, ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի առաջին մասը «հանգիստ եւ խաղաղ էր, հակառակ այն հանգամանքին, որ արձանագրուած են ատելութեան խօսքի դրսեւորումներ»:

«Նախորդ ընտրական գործընթացներուն համեմատ՝ մենք կը տեսնենք, որ այս անգամ քարոզարշաւի ընթացքին էականօրէն նուազած է վարչական ներուժի օգտագործումը», – ըսած է առաքելութեան ղեկավար Զլաթքօ Վույովիչը:

Երեւանի մէջ հրաւիրած ասուլիսի ժամանակ Վույովիչը նկատած է, որ ատելութեան խօսք աւելի քիչ հնչած է, քան կը հնչէ, ըսենք, ժողովրդավարութեան բարձր մակարդակ ունեցող շարք մը այլ երկիրներու մէջ:

«Մենք հաճելիօրէն զարմացած էինք, որ այս նախընտրական քարոզարշաւը շատ խաղաղ կ’ընթանար, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ փոփոխութիւնները եղած էին բոլորովին վերջերս», – նշած է ան:

Վույովիչը անդրադարձած է նաեւ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի (ԿԸՅ) աշխատանքին: Արձանագրած են, որ այս տարի ԿԸՅ-ը նոյն կազմով շատ աւելի լաւ աշխատանք իրականացուցած է, քան նախորդ տարիներուն: «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան՝ առաքելութեան ղեկավարը ըսած է, որ այս փոփոխութիւնները տեղի ունեցած են իշխանութիւններու դրսեւորած քաղաքական կամքի շնորհիւ:

«Այս օրինակ է, թէ ինչպէս քաղաքական կամքը կրնայ նման ազդեցութիւն ունենալ ընտրական գործընթացներուն վրայ միեւնոյն կազմակերպութեան մէջ: Այսինքնª այդ կազմակերպութիւնը ունի կարողութիւն, փորձառութիւն, այնտեղ կ’աշխատին փորձառու մարդիկ, բայց նախկին խնդիրները առաջացած են քաղաքական ազդեցութիւններու պատճառով: Հիմա կը տեսնենք այլ քաղաքական կամք, որ կ’աջակցի արդար ընտրութիւններուն: Բայց սա շատ լաւ բան չէ, որովհետեւ ընտրութիւններ կազմակերպող կազմակերպութիւնները պէտք չէ կախուած ըլլան այս կամ այլ քաղաքական կամքէ, որովհետեւ քաղաքական կամքը կրնայ լաւ ըլլալ, ընտրութիւնները լաւ անցնին, ըլլայ վատª ընտրութիւնները վատ անցնին: Մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է, որ ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ այլ երկիրներու մէջ ընտրութիւններով զբաղուող կամզկերպութիւնները պէտք է ըլլան ազատ, անկախ, պէտք չէ կախուած ըլլան քաղաքական կամքէ», – ընդգծած է Զլաթքօ Վույովիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment