Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպոթներու Համաշխարհային Ողիմպիականի Կազմակերպիչները Բարձր Գնահատած են Հայաստանի Պատրաստուածութիւնը

Ռոպոթներու Համաշխարհային Ողիմպիականի Կազմակերպիչները Բարձր Գնահատած են Հայաստանի Պատրաստուածութիւնը

by MassisPost

Թաիլանտի Չիանկմէյ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ռոպոթներու համաշխարհային ողիմպիականի միջազգային փուլը:

Ինչպէս «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են «Այբՙ կրթական հիմնադրամէն, այս տարի Հայաստանը մրցաշարին ներկայացուցած է «Arm Cyber Kids» խումբը: Խումբի անդամներն են քոյր եւ եղբայր 12-ամեայ Ինես եւ 11-ամեայ Աշոտ Գասպարեանները, որոնք այս տարուան Ռոպոթներու համաշխարհային ողիմպիականի ազգային փուլի յաղթողներն են:

Հայաստանի խումբը Թաիլանտի մէջ իր տարիքային խումբի մէջ զբաղեցուցած է 32-րդ տեղը՝ 104 խումբի մէջէն, ներկայացնելով ռոպոթ, որ կրնայ տեսակաւորել միրգը ըստ վերջինիս որակին կամ տեսքին: Այս տարի մրցոյթը իրականացուած է «Սնունդը կարեւոր է» խորագրի ներքոյ եւ նուիրուած եղած է աշխարհի մէջ թերսնուցման խնդրին: Աշխարհի մէջ ինը մարդէն մէկը՝ ընդհանուր 795 միլիոն մարդ, կը բախի այս խնդրին, իսկ անոր հնարաւոր լուծումը սնունդի ծաւալները նոր թեխնոլոկիաներու կիրառմամբ մեծցնելն ու սնունդի թափոնները կրճատելն է:

Հարկ է նշել, որ միջազգային մրցաշարի կազմակերպիչներն ու դատաւորները բարձր գնահատած են Հայաստանի խումբի պատրաստուածութիւնը, գիտելիքները եւ ինքնուրոյն աշխատանքի կարողութիւնները:

Հայ երեխաները մրցած են այնպիսի երկիրներու հետ, որոնք երկար տարիներու փորձ ունին այս ոլորտին մէջ: Նշենք նաեւ, որ սա Հայաստանի երկրորդ մասնակցութիւնն է այս միջազգային մրցոյթին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment