Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Եթէ Թուրքիոյ Բանակը Իսլամական Բանակ է, Ինչո՞ւ Այլ Կրօն Դաւանողները կը Ծառայեն Այնտեղ». Փայլանը՝ Թուրքիոյ ՊՆ-ին

«Եթէ Թուրքիոյ Բանակը Իսլամական Բանակ է, Ինչո՞ւ Այլ Կրօն Դաւանողները կը Ծառայեն Այնտեղ». Փայլանը՝ Թուրքիոյ ՊՆ-ին

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հարց ուղղած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին: Նախ յիշեցուցած է, որ նախախարը թրքական բանակը անուանած էր «Մուհամմէտ Մարգարէի օճախ» եւ «Իսլամի վերջին բանակ», ապա՝ հարցուցած.

«Միթէ՞ Թուրքիոյ բանակը իսլամական բանակ է: Եթէ այո՛, ուրեմն ինչո՞ւ քրիստոնեաները, յուդայականները եւ այլ կրօն դաւանողները կը ծառայեն այդ բանակին»,- հարց տուած է Փայլան:

Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը ի պատասխան՝ մէջբերած է սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածը, նշելով, որ սահմանադրութեան համաձայն Թուրքիոյ քաղաքացի հանդիսացող իւրաքանչիւր տղամարդ ենթական է զինուորական ծառայութեան, առանց կրօնադաւանական խտրականութեան:

Կարօ Փայլան բարձրաձայնած է նաեւ 2011 Ապրիլ 24-ին թրքական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր Սեւակ Պալըքչըի սպանութեան՝ ընդգծելով, որ յանցանքը կատարուած է ատելութեան քարոզի հետեւանքով: Հուլուսի Աքարը պատասխանած է, որ չկայ որեւէ տեղեկութիւն, վկայութիւն կամ զեկոյց, որմով կը հաստատուի այդ յանցանքին վերաբերեալ պնդումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment