Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Կրնայ Ոչ Թէ Երկու, Այլ Չորս Փակ Սահմաններու Մէջ Յայտնուիլ. Ռուս Քաղաքագէտ

Հայաստանը Կրնայ Ոչ Թէ Երկու, Այլ Չորս Փակ Սահմաններու Մէջ Յայտնուիլ. Ռուս Քաղաքագէտ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ էյֆորիայի որոշակի սառեցում կը նկատուի: Այս մասին 26 Նոյեմբերին «Նախընտրական մարաթոնը Հայաստանի մէջ եւ հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան արդի հիմնախնդիրները» թեմայով տեսակամուրջի ժամանակ ըսած է ռուս քաղաքագէտ Անտրէյ Արեշեւը:

Արեշեւը նկատած է, որ այդ մասին կը գրեն հայկական լրատուամիջոցները, որոնց դժուար է ընդդիմադիր համարել: Ան յիշեցուց Նիկոլ Փաշինեանի կողմնակիցներուն վերջին երթը.

«Ի տարբերութիւն նախորդ բուռն իրադարձութիւններին, երբ հարիւր հազարներ փողոց դուրս կու գային, այդքան շատ ժողովուրդ չէ հաւաքուած: Հիմա քանի մը հազար է: Տեղեկատուական քարոզչութիւնն ալ այդքան աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ չէր»:

Խօսելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին, Արեշեւը նկատած է, որ անոնք կրնան որոշակի վաքիումի (դատարկութեան) մէջ յայտնուիլ:

«Կրնանք բախիլ իրավիճակի հետ, երբ վարչապետը պէտք է կարգաւորէ իրավիճակը: Իսկ ինչ կը վերաբերի խումբին, այստեղ կրնանք որոշ խնդիրներու բախիլ: Ռուսական փորձագիտական հանրութիւնը կ’ըմռնէ այս խնդիրները», – կը կարծէ քաղաքագէտը: Այդ ծիրէն ներս ան նկատած է, որ Յունուար 1-էն Կովկաս նաւահանգիստով հաղորդակցութիւնը  կը դադարի:

«Փաստացի կը ստացուի, որ Հայաստանը ոչ թէ 2, ինչպէս հիմա, այլ 4, եթէ ոչ փակ, ապա դժուարանցանելի սահմաններ ունի: Իրանական կողմի հետ կը հասկնանք, թէ ինչու: Վրացականին ալ: Ղարաբաղեան կարգաւորման եւ Պոլթընի այցի հետ կապուած ճնշման եւ այլ  միջոցառումներու մասին յայտնի է: Եթէ փորձենք դէպքէ դեպք լուծել խնդիրները, կրնայ այնպէս ստացուիլ, որ հնարաւոր չըլլայ լուծել կամ դժուարութեամբ լուծուի», – ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment