Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Յայտարարած է Նախարարութիւններէն 5-ի Հաւանական Կրճատման Մասին

Փաշինեանը Յայտարարած է Նախարարութիւններէն 5-ի Հաւանական Կրճատման Մասին

by MassisPost

Խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կը սպասուի կառավարութեան կազմի փոփոխութիւն. 17 նախարարութիւններէն 5-ի հաւանական կրճատման մասին վերջին ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը։

«Ոչ թէ կրճատուելու է նախարարութիւնների թիւը, այլ բովանդակային փոփոխութիւն է տեղի ունենալու եւ այդպիսով նաեւ նախարարների գործառութային իմաստով փոփոխութիւններ են տեղի ունենալու, որովհետեւ ընդլայնուելու է պատասխանատուութեան շրջանակը», – մանրամասնած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Կառավարութեան գործող կառուցուածքի մասին օրէնքին կողմ քուէարկած պատգամաւոր Մարգարիտ Եսայեանը չի բացառեր, որ կառուցուածքի փոփոխութիւնը կրնայ աւելի արդիւնաւէտ կառավարման հնարաւորութիւն ստեղծել։ Այդուհանդերձ, պատգամաւորը այստեղ խնդիր կը տեսնէ․ – «Կառավարութիւնը մինչեւ այսօր որեւէ աշխատատեղ չի ստեղծել, ընդհակառակը՝ կրճատումներ կան: Ընդ որում, կառավարութեան «դուխը» էնքան բարձր է, որ ընտրութիւններից առաջ յայտարարում է, որ 150 հազար աշխատատեղ պիտի կրճատուի»:

Վարչապետի խորհրդական Արտակ Մանուկեանը շեշտած է՝ խօսքը  արդիւնաւէտ կառավարման մասին է։ Նախագիծը, ամենայն հաւանականութեամբ, պատրաստ կ’ըլլայ 2019 թուականի առաջին եռամսեակին։ Փոփոխութիւննեըը միայն նախարարութիւններու մակարդակով պիտի չըլլան, կ’ուսումնասիրուին կոմիտէներու, Ծրագրերու իրականացման գրասենեակներու (ԾԻԳ) եւ Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու (ՊՈԱԿ) աշխատանքները: Արտակ Մանուկեանը սա կ’որակէ ոչ ժողովրդական, բայց անհրաժեշտ քայլ, որ կրնայ ընել միայն մեծ վստահութիւն ունեցող կառավարութիւնը։ Այս պահուն չկայ հաշուարկ , թէ փոփոխութիւններու հետեւանքով քանի աշխատակից գործազուրկ կը դառնայ, բայց պետութիւնը իր ընկերային պատասխանատուութեան շրջագիծէն ներս անոնց համար այլընտրանք պէտք է ստեղծէ, կ’ըսէ Մանուկեանը․ – «Ըստ էութեան, պէտք է նաեւ աշխատանքներ տարուեն, որպէսզի այս սոցիալական պատասխանատուութեան գործառոյթը հնարաւորինս կեանքի կոչուի եւ նա ունենայ այլընտրանք՝ ինչպէս որոշակի ժամանակ, այնպէս էլ գիտելիքներ, որպէսզի դա առաւելագոյնս օգտագործի ինչպէս պետական, այնպէս էլ մասնաւոր համակարգում: Այսինքն, նրան հնարաւորութիւն ընձեռուի այս երկու համակարգերի միջեւ որոշակի սահուն անցում կատարել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment