Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հեռուստամարաթոն-2018»-ի Ընթացքին 11 Միլիոն 109 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ

«Հեռուստամարաթոն-2018»-ի Ընթացքին 11 Միլիոն 109 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ

by MassisPost

Լոս Անճելըսի մէջ կայացած «Հեռուստամարաթոն-2018»-ի ընթացքին՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրաբերուեցաւ 11 միլիոն 109 հազար 633 տոլար: Այս մասին յայտարարուեցաւ հեռուստամարաթօնի աւարտին:

«Արարենք միասին» խորագիրով հեռուստամարաթօնին միջոցներով պիտի շարունակուին Արցախի մէջ իրագործուող երկու կարեւոր ծրագիրներ, որոնք սկսած էին նախորդ տարուան՝ «Բերքառատ Արցախ» խորագիրով հեռուստամարաթօնին միջոցներով:

Առաջինը արցախեան գիւղատնտեսութեան զարգացման համար կենսական նշանակութեան խորքային հորերու հորատման եւ կաթիլային համակարգի կառուցման ծրագիրն է: Մարտունիի ու Ասկերանի շրջաններու մօտ 200 հա տարածք ոռոգելի պիտի դառնայ, ոռոգման ջուրը պիտի հասնի արցախցիներու խաղողի, ցորենի դաշտերուն, պտղատու այգիներուն: 13 խորքային հոր արդէն փորուած է ատոր համար: Կ՝ընթանան հորատանցքերու վրայ կայաններyu կառուցման աշխատանքները:

Հեռուստամարաթօնի երկրորդ ուղղութիւնը Արցախի մէջ արեւային ուժանիւթի կիրառումն է: Ծրագիրը սկսած է Շուշիի շրջանէն: Պիլոտային էր Քարինտակ համայնքը, ուր արդէն 50 տուն կ՝օգտագործէ այլընտրանքային ուժանիւթ: 2019-ին արեւային ուժանիւթէն պիտի օգտուին նաեւ Ասկերանի շրջանի բնակավայրերը:

Բացի Արցախի մէջ իրականացուելիք ծրագիրներէն, «Հեռուստամարաթոն- 2018»-ին նուիրաբերուած գումարները պիտի ուղղուին Հայաստանի համայնքային ենթակառուցուածքներուն, որոնք պիտի խթանեն աշխատատեղերու ստեղծումը:

Վարչապետի պաշտօնակատարի խօսնակ Արման Եղոյեանի փոխանցմամբ, Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետի ֆոնտէն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրաբերած է 1 միլիոն, իսկ իր անձնական միջոցներէն՝ 500 հազար դրամ:

«Ազատութեան» հարցին ի պատասխան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը անդրադարձած է հանգանակուած գումարի չափին․ – «Ինձ ասում էին, որ աւելի շատ է հանգանակուել․․․ Անցումային փուլ է, ամէն ինչ կընկնի իր տեղը: Մենք պէտք է հասկանանք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դերը, անելիքը, բարեփոխումները եւ կը գանք ինչ-որ ընդհանուր յայտարարի»:

Հարցին, թէ արդեօք Սերժ Սարգսեանի կառավարութեան օրօք մեծ գումարներ նուիրաբերող գործարարները այս տարի կատարած են նուիրատուութիւններ, Փաշինեանը արձագանգած է․ – «Ես տեղեակ չեմ: Ես ինչո՞ւ պէտք է տեղեակ լինեմ»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը չէ բացառած, որ հանգանակութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցած է «Հայաստան» հիմնադրամի նախկին տնօրէնի հետ կապուած քրէական գործը:

Հիմնադրամը կը հաղորդէ նաեւ, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հանգանակած է մօտ 10 միլիոն դրամ՝ աշխատակիցներու անձնական միջոցներէն։ Այս գումարէն զատ, իր մէկ ամսուան աշխատավարձը նուիրաբերած է նաեւ ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շուկայական     յարաբերութեանց եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Անուշ Մարտիրոսեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ դեռ տուեալներ չունին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի գործարար շրջանակներէն․ – «Ակնկալիքներ ունենք: Նախատեսուած են նաեւ այդ շրջանակներից փոխանցումներ, որ կարծում եմ, որ թիւը բաւականին մեծ կը լինի: Դրա համար մեր հաւաքագրուածի չափը ասում ենք, որ շատ նախնական է ու հաստատ կ’աճի»:

Հարցին, թէ ռուսաստանեան գործարար Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ նուիրատուութեան մասին ինչ տեղեկութիւն ունին, Մարտիրոսեանը պատասխանած է, որ Սամուէլ Կարապետեանէն նուիրատուութիւն դեռ չեն ստացած։

Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի խումբէն Կարէն Կարապետեանի մեծահարուստ եղբայրը հիմնադրամի պատուոյ անդամներէն է եւ օրինակ 2017-ին նուիրաբերած է 2 միլիոն 250 հազար տոլար գումար։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տուեալներով, այս պահուն յայտնի է, որ հայաստանեան գործարարներէն գումար հանգանակած են նախկին իշխանութեան ցուցակով պատգամաւոր դարձած գործարար Սամուէլ Ալեքսանեանի ընտանիքին պատկանող «Ալեքս հոլտինկը» եւ «Կրանտ հոլտինկի» սեփականատէրեր Միքայէլ ու Կարէն Վարդանեանները։

«Հայաստանի մեծ բարերարներից էլ կարող եմ նշել․ «Ալեքս հոլտինկը» փոխանցել է 200 հազար ԱՄՆ տոլար, Կարէն եւ Միքայէլ Վարդանեանները՝ 60 միլիոն դրամ», – ըսած է Անուշ Մարտիրոսեանը:

Ան նշած է, որ այս տարուան հեռուստամարաթոնի ամենախոշոր նուիրատուութիւնը անանուն բարերար մը կատարած է՝ փոխանցելով 2,5 միլիոն տոլար։

Հիմնադրամի մամլոյ  խօսնակը նշած է, որ այս տարի բաւականին աշխոյժ եղած է իրանահայ համայնքը․ – «Ունենք խոշոր նուիրատուութիւններ այս տարի Իրանից՝ 1 միլիոն 340 հազար տոլարի չափով, Հենրիկ Տէր-Ղուկասեանն է, մեր լաւ բարերարներից մէկը՝ Անդրանիկ Պաղտասարեանը եւս այս տարի 1 միլիոն տոլար է նուիրաբերել: Ալպեր Պոյաճեանը ԱՄՆ-էն 1 միլիոն տոլար է նուիրաբերել, եւ արցախահայութիւնը՝ 1 միլիոն տոլար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment