Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդհանուր Առմամբ Տպաւորութիւնը Այնպիսին է, որ Այժմ Հայաստանի Մէջ Մարդիկ Աւելի Ազատ են. Սվիթալսքի

Ընդհանուր Առմամբ Տպաւորութիւնը Այնպիսին է, որ Այժմ Հայաստանի Մէջ Մարդիկ Աւելի Ազատ են. Սվիթալսքի

by MassisPost

Յեղափոխութենէն ետք Հայաստանը յաջողած է խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան ապահովման հարցի վերաբերեալ բարձրագոյն ցուցանիշի հասնիլ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին:

Եւրոպացի դիւանագէտը յոյս  յայտնած է, որ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին երկրի իշխանութիւնները կը կարենան նուազագոյնի հասցնել ատելութիւնը, քանի որ այն կը սպաննէ ժողովրդավարութիւնը, բացասաբար կ’ազդէ քաղաքական մշակոյթին վրայ: «Յոյսով ենք, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքով հնարաւոր կ’ըլլայ ձեւաւորել ամենաբարձր չափանիշի ժողովրդավարութիւն», – ըսած է Սվիթալսքին:

Պատասխանելով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակի մասին ունեցած իր տպաւորութիւններու մասին հարցին, Փիոթր Սվիթալսքին յայտարարած է, որ ընդհանուր առմամբ տպաւորութիւնն այնպիսին է, որ այժմ Հայաստանի մէջ մարդիկ աւելի ազատ են: Դեսպանի խօսքով, այս առումով մեծ նշանակութիւն ունին լրատուամիջոցները, քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ քաղաքական դասը:

Հարցին, արդեօք  Հայաստանի մէջ ինքնագրաքննութիւն կայ, դեսպանը ըսած է, որ այդ մասին պէտք է լրագրողներուն հարցնել: Ըստ Սվիթալսքիին, Հայաստանի մէջ լրատուամիջոցներու աշխատանքի համար նոր օրէնսդրութիւն եւ մթնոլորտ պէտք է: ԵՄ-ն պատրաստ է լրատուամիջոցներուն համար նոր միջավայրի ստեղծման նպաստել, որ ազատ աշխատանք կ’ապահովէ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment