ՀՀ նախագահի նստավայրը Մաշտոցի 47 հասցէէն պիտի տեղափոխուի Բաղրամեան 26: «Պաշտօնատար անձանց գործունէութեան ապահովման, սպասարկման եւ ընկերային երաշխիքներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը ընդունուած է ԱԺ արտահերթ նիստի ժամանակ:
«Նախատեսուել էին պաշտօնատար անձանց գործունէութեան ապահովման դրոյթներ: Վարչապետի նստավայր էր սահմանուել Բաղրամեան 26-ը, իսկ նախագահինը` Մաշտոցի 47-ը: Զուգահեռաբար, կառավարութեան աշխատակազմին տրամադրուած էր Հանրապետութեան հրապարակ 1 շինութիւնը, յետագայում այն յանձնուեց վարչապետի աշխատակազմին: Ստացուեց, որ վարչապետն ունեցաւ երկու նստավայր: Կառավարութիւնը վարչապետի գլխաւորութեամբ կարծում է, որ վարչապետը կառավարութեան գործունէութեան ղեկավարումն ու աշխատանքի համակարգումը կարող է իրականացնել մէկ նստավայրի միջոցով: Բացի այդ, մենք կարծում ենք, որ պատմական նշանակութիւն ունեցող Բաղրամեան 26-ը պէտք է վերադարձնել Հանրապետութեան նախագահին, որը նաեւ Հանրապետութեան գլուխն է»,-ըսած է ՀՀ արդարադատութեան փոխնախարար Արթուր Յովհաննիսեանը:
Ան նշած է, որ սա ունի խորհրդանշական բնոյթ:
Նախագիծին կողմ քուէարկած է 54 պատգամաւոր, ձեռնպահ`2, դէմ պատգամաւոր չկար: