Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պիզնեսը, Տնտեսութիւնը Պէտք չէ Քաղաքականացուին եւ Այն կը Բխի Բոլորին Շահերէն. Փաշինեան

Պիզնեսը, Տնտեսութիւնը Պէտք չէ Քաղաքականացուին եւ Այն կը Բխի Բոլորին Շահերէն. Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպած է Հայաստանի տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող գործարարներուն: Հանդիպումը իրականացուած է «Պիզնես միջավայր եւ ներդրումներ. մարտահրաւէրներ եւ լուծումներ» խորագրով: Իր ելոյթին մէջ վարչապետի պաշտօնակատարը անդրադարձած է Հայաստանի տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն:

«Մենք համոզուած ենք եւ ուզում ենք, ու հասնելու ենք դրան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում լինեն շատ աւելի մեծ թիւով գործարարներ, այսինքն՝ արդիւնք ստեղծող մարդիկ, որոնց կարգավիճակն աւելին է, քան օրինակ՝ պատգամաւորինը, նախարարինը եւ պետական որեւէ պաշտօնեայինը», – իր ելոյթին մէջ ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը՝ շարունակելով․ ֊ «Ընդհանուր առմամբ, չեմ ուզում, որ սա էլ մեկնաբանուի որպէս պետական պաշտօնեայի կարգավիճակի նսեմացում, ուղղակի կարծում եմ, որ մեր երկրի ապագան կառուցելու գործում շատ ճիշդ դերաբաշխում պէտք է արուի եւ, ընդհանրապէս, պիզնեսը, տնտեսութիւնը չպէտք է քաղաքականացուի եւ դա, կարծում եմ, բխում է բոլորի շահերից՝ ե՛ւ հանրութեան, ե՛ւ գործարար խաւի, ե՛ւ արդիւնաւէտ կառավարման»:

Փաշինեանը անդրադարձած է նաեւ տնտեսական ցուցանիշներուն: Անդրադառնալով սեպտեմբերին արձանագրուած տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշի անկման, վարչապետի պաշտօնակատարը այն մեկնաբանած է որպէս տնտեսութեան ձեւափոխութեան եւ տնտեսական կառուցուածքի փոփոխութեամբ:

«Արդէն հոկտեմբեր ամսուայ տնտեսական աքթիւութեան ցուցանիշները գալիս են վկայելու, որ իրավիճակի նման մեկնաբանութիւնը հիմնաւոր է, որովհետեւ սեպտեմբերի անկումից յետոյ մենք հոկտեմբերին 3 տոկոս տնտեսական աքթիւութեան ցուցանիշ ենք ունեցել: Այսինքն՝ ունենք տնտեսական աքթիւութեան ցուցանիշի աճ այն պայմաններում, երբ երկրի աւանդական ոլորտները երկնիշ անկում են արձանագրել, խօսքը գիւղատնտեսութեան եւ հանքարդիւնաբերութեան մասին է», – նշած է ան:

Փաշինեանի խօսքով, հոկտեմբերին արդիւնաբերութեան 8.1 տոկոս աճ արձանագրուած է եւ արտահանման 12 տոկոսանոց աճ: Սա, վարչապետի պաշտօնակատարի խօսքով, կը նշանակէ, որ «մեր կանխատեսած եւ բարձրաձայնած առողջացման գործընթացը մեր երկրում տեղի են ունենում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment