Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թիւ 4 Ընտրատարածքին Մէջ Թէժ Պայքար կը Սպասուի

Թիւ 4 Ընտրատարածքին Մէջ Թէժ Պայքար կը Սպասուի

by MassisPost

Մանէ Թանդիլեանը 9 Դեկտեմբերին վարկանշային ընտրակարգով պիտի պայքարի 4-րդ ընտրատարածքին մէջ: Այս ընտրատարածքը կ’ընդգրկէ Կեդրոն, Էրեբունի, Նուրապարաշէն, Նորք-Մարաշ համայնքները: 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Թանդիլեանը 1-ին՝ Աւան-Նոր Նորք ընտրատարածքէն ընտրուած միակ կին թեկնածուն էր: Ստացած էր աւելի քան 5 հազար քուէ:

«Ես յոյսով եմ, որ ես ինձ հետ բերել եմ կին քաղաքական գործիչի նոր որակ։ Կարող է մի քիչ անհամեստ է թուում, բայց ես կարծում եմ, որ մեր քաղաքացիները պէտք է տեսնեն, որ քաղաքական գործիչը չպէտք է ունենայ այսպէս կին է, տղամարդ է, այլ պէտք է լինի որակեալ», – ըսած է Թանդիլեանը:
«Այսօր սկսում ենք քաղաքական նոր էջ, եւ մեր քաղաքացիները պէտք է իմանան, որ ես ներկայացնում եմ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, ով այս ընտրութիւններին մասնակցում է առանձին ցուցակով, եւ այդ խաբկանքը եւ թիւրիմացութիւնը չստեղծելու համար մեր քաղաքացիները նաեւ պէտք է իմանան, որ եթէ հաւանել են իմ աշխատանքը որպէս պատգամաւոր, որպէս նախարար, ունեն հնարաւորութիւն ինձ տալու իրենց քուէն։ Այո, ես ուզում եմ մարդկանց մօտ խաբկանք չլինի, այսօր ես պաշտօնաթող նախարար եմ», – նշած է Թանդիլեանը։

Այս ընտրատարածքին մէջ առաջին անգամ իր ուժերը պիտի փորձէ նախկին իշխանական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարինէ Աճէմեանը: Ան 2009 թուականէն պատգամաւոր դարձած է ՀՀԿ-ի համամասնական ցուցակով:

Աճէմեանի հետ այս տարածքին մէջ մրցակցող ՀՀԿ-ականներու շարքին է նաեւ կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը: Վերջինս օրեր առաջ Ազգային ժողովի ամպիոնէն արդէն կանխորոշած էր ընտրութեան ելքը յօգուտ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի: Եթէ մրցակցի անգամ Փաշինեանի սելֆիի ձողի հետ, պիտի պարտուի, խոստովանած էր ՀՀԿ-ականը:

Մինչդեռ Կարինէ Աճէմեանը վստահեցուցած է, որ ժողովուրդի ճնշմամբ ամիսներ առաջ իշխանութենէն հեռացած Հանրապետականի վերադարձը ցանկացողներու մէջ շարքային քաղաքացիներ ալ կան:

Այս ընտրատարծքին մէջ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութենէն պայքարողներու շարքին է կուսակցութեան փոխնախագահ, պատգամաւոր Վահէ Էնֆիաճեանը: Նախորդ ընտրութիւններուն Էնֆիաճեանը ընտրուած է ԲՀԿ համամասնական ցուցակով, իսկ վարկանշայինով ստացած էր աւելի քան 3 հազար քուէ:

Դաշնակցութեան թեկնածուներու շարքին է Կրթութեան եւ գիտութեան նախկին փոխնախարար Բագրատ Եսայեանը: Ան երկրորդ անգամ ըլլալով այս ընտրատարածքին մէջ վարկանշային կարգով պիտի պայքարի: Նախորդ ընտրութիւններուն մօտ 300 ձայն ստացած էր: Այս անգամ կրնայ այլ պատկեր արձանագրուիլ, ի վերջոյ նախորդ իշխանութեան օրօք գործող խոչընդոտները պիտի չըլլան, կ’ըսէ ՀՅԴ վարկանշային թեկնածուն:

4-րդ ընտրատարածքին մէջ «Հանրապետութիւն» եւ «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութիւններու «Մենք» դաշինքի վարկանշային թեկնածուներէն է ընկերաբան Կարէն Սարգսեանը: Ան կը կարծէ, որ այս ընտրատարածքին մէջ ունի այնքան գաղափարակից, որ պատգամաւորի մանթատ կը ստանայ:

«Սասնայ ծռերէն» այստեղ պայքարողներու շարքին է Արեգ Կիւրեղեանը: Ան հանրութեան յայտնի է 2016-ի յուլիսեան դէպքերէն, երբ «Սասնայ ծռեր» խումբը գրաւած էր ոստիկանութեան պարեկապահակէտային ծառայութեան գունդը:

Գործող իշխանութեան «Իմ քայլը» դաշինքէն այստեղ առաջադրուած թեկնածուներու շարքին են Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը, Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Էտուարտ Աղաճանեանը, «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեանը, Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment