Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան Հանդիպումը Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան Հանդիպումը Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

by MassisPost

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19-ին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանի հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, որ Լոս Անճելըս ժամանած է մասնակցելու համար «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան թելեթոնին:

Նախագահ Սահակեան առաջին հերթին կարեւոր նկատեց հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը Հիմնադրամի աշխատանքներուն, որպէսզի ան կարողանայ իրագործել իր բոլոր ծրագիրները: Այս առթիւ նախագահը գնահատեց Հնչակեան Կուսակցութեան անշեղ կեցուածքը Հիմնադրամին սատարելու ուղղութեամբ:

Նախագահ Սահակեան նաեւ անդրադարձաւ համահայկական խորհուրդ մը ստեղծելու շուրջ անցեալին եղած քննարկումներուն, նման բարձրագոյն մարմինի մը ստեղծումը նկատելով խիստ կարեւոր քայլ՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն սատարելու ուղղութեամբ:

Ընկ. Սարաֆեան իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ վերահաստատեց Կուսակցութեան անշեղ կեցուածքը՝ մեր զոյգ հանրապետութիւններուն եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին զօրակցելու ուղղութեամբ, անկախ թէ Հայաստանի օրուայ իշխանութիւններուն նկատմամբ ինչպիսի դիրքորոշում ունեցած ըլլանք:

Նախագահ Սահակեան ներկայացուց նաեւ Արցախեան հարցի լուծման հայկական կողմի տեսակէտները ու վերջին զարգացումները: Ան անդրադարձաւ նաեւ Իրանի նկատմամբ Ամերիկեան պատժամիջոցներու տարածաշրջանէն ներս հաւանական ազդեցութեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի կողքին հանդիպումին ներկայ էին իր աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Պապայեան, Ուաշինկթընի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս՝ Արմէն Պայպուրթեան եւ Հիւպատոսի օգնական Ռազմիկ Ստեփանեան:

ՍԴՀԿ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական Վարչութեան եւ արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմինի անդամներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment