Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վճռաբեկ Դատարանը Բեկանած է Ռոպերթ Քոչարեանի Կալանաւորումը Վերացնելու Որոշումը

Վճռաբեկ Դատարանը Բեկանած է Ռոպերթ Քոչարեանի Կալանաւորումը Վերացնելու Որոշումը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Վճռաբեկ դատարանը բեկանած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ խափանման միջոց կալանաւորումը վերացնելու Վերաքննիչ դատարանի որոշումը եւ գործը ուղարկեց նոյն դատարան՝ նոր քննութեան:

Վճռաբեկ դատարանը, քննելով ՀՀ վերաքննիչ դատարանի կայացուցած որոշման դէմ ՀՀ գլխաւոր դատախազի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու ներկայացուցած բողոքները, որոշում կայացուցած է գլխաւոր դատախազի դիմումը բաւարարել մասնակիօրէն, իսկ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու վճռաբեկ բողոքը՝ մերժել:

Որոշումը օրինական ուժի մէջ կը մտնէ դատական նիստին ընթացքին անոր հրապարակման պահէն, վերջնական է, եւ ենթակայ չէ բողոքարկման:

ՀՀ գլխաւոր դատախազը վճռաբեկ բողոք ներկայացուցած էր Վերաքննիչ դատարանի որոշումը բեկանելու, ինչպէս նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կալանաւորումը կիրառելու մասին Առաջին ատեանի դատարանին որոշումը վերականգնելու վերաբերեալ, սակայն Վճռաբեկ դատարանը որոշում կայացուց գլխաւոր դատախազի բողոքը բաւարարել մասնակիօրէն՝ բեկանելով Վերաքննիչ դատարանի որոշումը եւ գործը ուղարկել նոր քննութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment