Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Պէտք է Իրականացնենք Ընտրութիւններ Միջազգային Ամենաբարձր Չափանիշներուն Համապատասխան». Փաշինեան

«Պէտք է Իրականացնենք Ընտրութիւններ Միջազգային Ամենաբարձր Չափանիշներուն Համապատասխան». Փաշինեան

by MassisPost

Դեկտեմբեր 9-ին որակեալ ընտրութիւններ իրականացնելու քաղաքական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Հայաստանի կառավարութիւնը, գործադիրի նիստին յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ նպատակ դրած են իրականացնել Երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան ամենալաւ ընտրութիւնները։

«Ես կարծում եմ, որ այս նշաձողը պէտք է բարձրացնել։ Ոչ թէ Երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան լաւագոյն ընտրութիւնը պէտք է անցկացնենք, այլ մենք պէտք է անցկացնենք ընտրութիւններ միջազգային ամենաբարձր չափանիշներին համապատասխան», – ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը։

Նախկին ընտրութիւններուն փորձէն Փաշինեանը թուարկած է վտանգաւոր աւանդոյթները, որոնք բոլորը պէտք է բացառուին. հանրակրթութեան ոլորտի ներքաշում քարոզչութեան մէջ, վարչական լծակներու կիրառում ընտրողներուն ուղղորդելու համար, դահլիճներու ընտրովի տրամադրում նախընտրելի եւ ոչ նախընտրելի ուժերու եւ այլն։

«Իսկ հաշուարկի ժամանակ պէտք է հասնել նրան, որ մէկ քուէաթերթիկ անգամ սխալ տրցակում չյայտնուի», – նշած է վարչապետի պաշտօնակատարը։ – «Ընդ որում՝ ոչ միայն միջկուսակցական ֆորմաթով, այլեւ ներկուսակցական ֆորմաթով։ Ինչ նկատի ունեմ՝ քանի որ նաեւ վարկանշային ընտրակարգն է գործում, ձայները բաշխուում են ոչ միայն կուսակցութիւնների միջեւ, այլեւ նոյն կուսակցութեան ներսում տարբեր թեկնածուների միջեւ, եւ պէտք է բացառել որեւէ նման երեւոյթ, եւ իհարկէ, մենք շատ յստակ եւ խիստ ուղերձ պէտք է յղենք, որ նման այսպիսի փորձ կատարող ցանկացած մէկին անպայմանօրէն կը հակազդի օրէնքը իր ողջ ուժով»։

Կառավարութեան ղեկավարը յիշեցուցած է իրաւապահ մարմիններուն՝ ոչ միայն պէտք է արձագանգեն ընտրակաշառքի կամ այլ խախտումներու հնարաւոր դէպքերուն, այլեւ՝ կանխեն։ – «Մենք պէտք է բոլորս հասկանանք, որ այդ երեւոյթը չի կարող մեր իրականութեան մէջ տեղ ունենալ եւ պարզապէս ամենակոշտ հակազդեցութեանը կ’արժանանայ ընտրողի կամքի վրայ փողով, նիւթական միջոցներով ազդելու որեւէ փորձ»։

«Իմ քայլը» դաշինքի ցուցակին մէջ ընդգրկուած են կառավարութեան 17 նախարարներէն 8-ը։ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ անոնք յայտնած են, որ վերջնական որոշում դեռ չկայ՝ իրենցմէ ով պիտի  մնայ կառավարութեան մէջ, ով երթայ Ազգային ժողով, եթէ ընտրութիւններուն յաղթէ «Իմ քայլը» դաշինքը։

«Մի քանի գործօններ կան, որոնք հաշուի կ’առնենք որոշումները կայացնելիս՝ ե՛ւ վերջին ամիսների աշխատանքը, ե՛ւ ընտրութիւնների արդիւնքները, ե՛ւ, իհարկէ, ներթումային քննարկումները», – նշած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը։

«Իմ քայլը» դաշինքի ցուցակին մէջ 5-րդ հորիզոնականը զբաղցնող Արայիկ Յարութիւնեանը չէ հերքած մամուլի հրապարակումները, որ Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածուներէն մէկն է իրենց քաղաքական ուժի յաղթանակի պարագային։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment