Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Փոքր Ձեռնարկութիւնները Ազատուած Պիտի Ըլլան Բոլոր Հարկերէն». Նիկոլ Փաշինեան

«Փոքր Ձեռնարկութիւնները Ազատուած Պիտի Ըլլան Բոլոր Հարկերէն». Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

«Մենք մեր գործունէութեան հիմքում դնում ենք աշխատանքի խրախուսման քաղաքականութիւնը», – Ազգային ժողովէն ներս 2019-ի պետական պիէտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:

Փաշինեանը նկատած է՝ երկրի մէջ չեն կրնար տեղի ունենալ դրական փոփոխութիւններ, եթէ այդ փոփոխութիւններու հիմքը չըլլայ անհատական ջանքը:

«Մեր քաղաքական խնդիրն է՝ իւրաքանչիւր անհատի համար ստեղծել տնտեսական գործունէութեամբ զբաղուելու իրական հնարաւորութիւն՝ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական իրական հնարաւորութիւնների մասին է», – ըսած է Փաշինեանը:

Աշխատանքի խրախուսման խնդրէն ելլելով, ըստ Փաշինեանի, որոշած են սահմանել փոքր պիզնես, որ ազատուած կ’ըլլայ բոլոր հարկերէն:

«Այն մարդիկ, ովքեր իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն 20-ից 24 միլիոն, չեն վճարի ոչ մի հարկ: Իհարկէ որոշակի սահմանափակումներ կը լինեն՝ կապուած ոլորտների հետ, եւ կը լինի նաեւ գօտիականութեան խնդիր: Մենք այս քաղաքականութեամբ կը փորձենք խրախուսել յատկապէս մարզերում տնտեսական գործունէութիւնը», – ըսած է Փաշինեանը ընդգծելով՝ ընտրութիւններէն առաջ, օրինակ, ոչ թէ ընտրակաշառք կը բաժանեն, այլ կը բանան արժանապատիւ աշխատելու հնարաւորութիւնը:

«Միքրօպիզնեսի համար կը լինի հնարաւորութիւն, որ մինչեւ երեք աշխատող ունենալու պարագայում նրանց աշխատողների համար եկամտահարկի բոլորովին ուրիշ ռեժիմ գործի, այսինքն՝ նրանք ոչ թէ կը հարկուեն աշխատավարձի 23 տոկոսի չափով, ինչպէս միւսները, այլ նրանք ուղղակի 5000 դրամի հաստատագրուած վճարով կարող են լուծել եկամտահարկի խնդիրը», – ըսած է Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment