Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուրշուլա Կաչէք. «Ընտրութիւններէն Ետք Կ՛եզրակացնենք՝ Հայաստանի Մէջ Ինչպիսի Փոփոխութիւններ Եղած են»

Ուրշուլա Կաչէք. «Ընտրութիւններէն Ետք Կ՛եզրակացնենք՝ Հայաստանի Մէջ Ինչպիսի Փոփոխութիւններ Եղած են»

by MassisPost

«Ինչպէս ես տեղեկացուած եմ, Դեկտեմբեր 9-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը պիտի տեւէ 12 օր, սակայն պիտի ըլլան նաեւ միջոցառումներ, գործողութիւններ, որոնք արգիլուած չեն մինչեւ այդ օրը իրականացնելը»,-այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Ուրշուլա Կաչէքը՝ պատասխանելով Panorama.am-ի հարցին, թէ որքանով քարոզարշաւի կարճ ժամանակահատուածը բաւարար է քաղաքական ուժերուն՝ իրենց տեսակէտները ներկայացնելու համար ու որքանով այն կը համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն:

«Միջազգային չափանիշներով կան բազում շեղումներ, թէ ինչպէս տարբեր երկիրներու մէջ կ’իրականացուին ընտրութիւնները: Օրինակ երկիր մը կրնայ ունենալ համամասնական ընտրակարգ, միւսը՝ մեծամասնական, որոշ երկիրներ կրնան ունենալ կուսակցական բաց ցուցակներ, միւսները՝ փակ: Ձեր մօտ խառն ընտրական համակարգ է: Մենք չենք ըսեր այս համակարգը լաւ է, միւսը՝ ոչ: Մեզի համար ամենակարեւոր մտահոգութիւնն այն է, որ ընտրութիւններուն մարդիկ հնարաւորութիւն ունենան իրենց ժողովրդավարական կամքը արտայայտելու»,-ըսած է Ուրշուլա Կաչէկը:

Ուրշուլա Կաչէքը, պատասխանելով հարցին, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն ետք ինչպիսի սպասումներով եկած են, արդեօք ինչ-որ վերաբերմունք փոխուած է, նշած է, որ տեղեակ են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հետաքրքիր քաղաքական զարգացումներու մասին, սակայն իրենք պիտի գնահատեն միայն այն ամէնը, ինչն ուղղակի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ընտրական գործընթացի վրայ: «Մենք որեւէ նախնական դիրքորոշումով չենք եկած, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ այս ընտրութիւնը: Յաջորդող շաբաթներու ընթացքին մենք կը հաւաքենք փաստերը, կ’ուսումնասիրենք, որմէ ետք արդէն, որպէս ականատես, կը կարենանք եզրակացութիւններ ընել՝ արդեօ՞ք Հայաստանի մէջ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է, բարելաւուած է այն, թէ վատացած»,-ըսած է Կաչէքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment