Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան․ «Մենք Չենք Կրնար Փոխել Պատմութիւնը, Բայց Պատմութիւնը Կրնայ Փոխել Մեզ»

Նիկոլ Փաշինեան․ «Մենք Չենք Կրնար Փոխել Պատմութիւնը, Բայց Պատմութիւնը Կրնայ Փոխել Մեզ»

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, 11 Նոյեմբերին, մասնակցած է «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»-ի աշխատանքներուն: Համաժողովը կ՝իրականացուի Առաջին աշխարհամարտին կնքուած զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

Համաժողովին ելոյթ ունեցած են Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիոյ Կուտերեշը:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»-ի ծիրէն ներս հանդէս եկած է ելոյթով, որուն ընթացքին, մասնաւորապէս, նշած է.

«Այսօր մենք` իբրեւ այդ պատերազմի մասնակից ազգերու առաջնորդներ, առաջին հերթին պէտք է խօսինք Առաջին համաշխարհային պատերազմի դասերուն մասին:

Երբ պետութիւն մը պատերազմ կը մղէ կամ կը փորձէ իր խնդիրները լուծել ռազմական ճանապարհով, ուրեմն ան կը հաւատայ իր ուժերուն եւ յաղթանակին: Այդուհանդերձ, Առաջին համաշխարհային պատերազմը համամոլորակային ողբերգութիւն էր այնտեղ ներգրաւուած բոլոր ժողովուրդներուն համար, եւ ի վերջոյ յանգեցուց զայն յղացած պետութիւններու քայքայման»,-ըսած է Փաշինեանը:

«Եւ հակառակ մեր միասնական ջանքերուն եւ նախորդ սխալներէն սորվելու կոչերուն, այդ դասերը դիւրութեամբ կը մոռցուին: Թէեւ հարիւր տարի առաջ մարդկութիւնը հասկցաւ զանգուածային ոչնչացման զէնքը արգիլելու անհրաժեշտութիւնը, ցաւօք, ատիկա չխոչընդոտեց նոր զինատեսակներու ստեղծումը»,- նշած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը, շարունակելով.-«Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին անտանտի տէրութիւնները առաջին անգամ գործածեցին «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւն» սահմանումը` այսպիսով դատապարտելով օսմանեան իշխանութիւնները 1,5 միլիոն հայերու ոչնչացման համար: Յետագային այդ ահաւոր յանցագործութիւնը պէտք է կոչուեր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն:

Այնուամենայնիւ, ընդամէնը քանի մը տասնամեակ անց՝ մարդկութիւնը ականատեսը եղաւ հոլոքոսթին, Քամպոտայի, Ռուանտայի ցեղասպանութիւններուն, քրիստոնեաներու եւ եզտիներու ցեղասպանութիւններուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Ռոհինճա ժողովուրդին դէմ գործադրուած բռնութիւններուն»:

«Պատերազմի դասերէն էր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ձեւակերպումը Ուիլսընեան յայտնի 14 կէտերուն մէջ: Այնուհետեւ անիկա ընդգրկուեցաւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ, Հելսինքիի եզրափակիչ ակտին մէջ եւ հիմք դարձաւ ժամանակակից երկիրներու շուրջ կէսի անկախութեան համար:

Առաջին աշխարհամարտին իբրեւ արդիւնք՝ աշխարհի ժողովուրդները օրէնքի ուժով հաստատեցին ազատ կամքի դրսեւորումով սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրենց իրաւունքը: Այստեղ` Ֆրանսայի մէջ, հարկ կը համարեմ ընդգծել, որ ընդամէնը քանի մը օր առաջ, ֆրանսան յստակօրէն վերահաստատեց իր սկզբունքային դիրքորոշումը այս հարցով. Նոր Քալետոնիայի ժողովուրդը հնարաւորութիւն ստացաւ հանրաքուէ իրականացնելու: Ցաւօք, այդ իրաւունքին նկատմամբ մօտեցումը ընտրովի է:

Այդ իսկ պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի տասնամեակներ շարունակուող պայքարը՝ իր ճակատագիրը տնօրինելու համար՝ դեռ չէ ստացած պատշաճ իրաւական լուծում: 21-րդ դարուն բացարձակապէս անընդունելի է, որ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը կիրառելու ցանկութիւնը կրնայ վերածուիլ կենսաբանական սպառնալիքի»,-շեշտած է Նիկոլ Փաշինեանը:

«Առաջին համաշխարհային պատերազմին իբրեւ արդիւնք ստեղծուեցաւ ազգերու լիկան՝ ՄԱԿ-ի նախատիպը, որուն վերջնական նպատակը խաղաղութեան հաստատումն էր: Այնուամենայնիւ, ժամանակակից աշխարհի մէջ ծայրայեղականութեան դրսեւորումները կ՝ահագնանան: Վերոյիշեալ հաստատութիւններուն նպատակը առաջին հերթին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է: Այդուհանդերձ, այսօր մենք գրեթէ ամէն օր ականատես կ՝ըլլանք մարդու հիմնարար իրաւունքի` կեանքի իրաւունքի ոտնահարման դէպքերու»,-ըսած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը:

«Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, շատերը կը կարծէին, որ ատիկա պիտի ըլլայ վերջին պատերազմը: Սակայն, շուտով հետեւեցաւ Երկրորդ աշխարհամարտը: Սկսաւ պատերազմի եւ սպառազինութիւններու մրցավազքի նոր փուլ: Ցաւօք, առ այսօր ատոր վերջը չէ տրուած: Աւելին, անիկա հետզհետէ աւելի կը խորանայ»,- շեշտած է Փաշինեանը:

«Անշուշտ, մենք չենք կրնար փոխել պատմութիւնը, եւ ատոր կարիքն ալ չկայ: Բայց պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ, որ մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ»,-յայտարարած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը, շարունակելով,- «Այդ իսկ պատճառով՝ մենք պէտք է յիշենք առաջին աշխարհամարտի կարեւորագոյն դասը: Որեւէ պետութիւն չի կրնար իր յաջողութիւնը կառուցել ուրիշներու թշուառութեան վրայ, ոչ ոք կրնայ ազատութիւն ձեռք բերել ուրիշներու ստրկութեան հաշւոյն»:

«Առաջին համաշխարհային պատերազմին վերջ տրուեցաւ հարիւր տարի առաջ: Եւ ասիկա հիանալի առիթ է մտածելու պատերազմներէն զերծ խաղաղութեան դարաշրջանի մասին: Ես կը հաւատամ, որ այստեղ՝ Փարիզի մէջ հաւաքուած առաջնորդները, պիտի կարենան հասնիլ այդ նպատակին: Եւ ատիկա պիտի ըլլայ յարգանքի լաւագոյն տուրքը՝ մատուցուած նախորդ դարու անմեղ զոհերուն»,-ըսած է Փաշինեանը:

paris-4

Ելոյթէն ետք՝ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդանշական գիրք յանձնած է «Խաղաղութեան գրադարան»-ին` պատմաբան Հայկ Դէմոյեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերին» պատկերազարդ գիրքը:

«Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»-ի քննարկման թեմաներն են՝ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն, զարգացում եւ ներառական տնտեսութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment