Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՔ-ը Պիտի Չմասնակցի Արտահերթ Ընտրութեան

ՀԱՔ-ը Պիտի Չմասնակցի Արտահերթ Ընտրութեան

by MassisPost

12 Նոյեմբերին կայացած է Հայ ազգային քոնկրէսի (ՀԱՔ) քաղաքական խորհուրդի նիստ, որու ընթացքին որոշում  կայացուած է չմասնակցիլ Ազգային Ժողովի  9 Դեկտեմբերի արտահերթ ընտրութեան։

Նմանատիպ որոշում կայացուցած էր նաեւ Ստեփան Տեմիրճեանի Հայաստանի Ժողովրդական կուսակցութիւնը (ՀԺԿ)։

Աւելի վաղ ընտրութիւններուն չմասնակցելու որոշումներ կայացուցած էին Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը  (ՀԴԿ), Ազգային ժողովրդավարական միութիւնը (ԱԺՄ), Ազգային ժողովրդավարներու դաշինքը (ԱԺԴ) եւ շարք մը այլ կուսակցութիւններ։

Վերադառնալով Հայ ազգային քոնկրէսին (ՀԱՔ), յիշեցնենք, որ այս կուսակցութիւնը, չմասնակցելով Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութեան, յայտարարած էր, որ այդ կերպ կ’աջակցի յեղափոխութիւնը իրականացուցած ուժին՝ միաժամանակ պատրաստուելով յեղափոխութեան աւարտական փուլին՝ Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment