Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանրապետականները կը Յաւակնին Գալիք Խորհրդարանին Մէջ Ըլլալ Երկրորդ Քաղաքական Ուժը

Հանրապետականները կը Յաւակնին Գալիք Խորհրդարանին Մէջ Ըլլալ Երկրորդ Քաղաքական Ուժը

by MassisPost

Ժողովրդական ճնշմամբ իշխանութենէն հեռացած հանրապետականները կը կարծեն, թէ այսօր իրենք միակ իրական ընդդիմութիւնն են, եւ կը յաւակնին գալիք խորհրդարանին մէջ ըլլալ մեծութեամբ երկրորդ ուժը։ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ շուրջ հինգ ժամ տեւած խորհուրդի նիստէն ետք պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանը յայտարարած է՝ Հանրապետականը իր առաջնորդութեամբ պիտի մասնակցի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն։

«Ի վերջոյ, յառաջիկայ ընտրութիւններում չի որոշուում, թէ ով է լինելու իշխանութիւն՝ այդ հարցը կարծես թէ արդէն որոշուած է, եւ կարծում եմ, որ այն վարչապետը, որին հրապարակում հաւաքուած մեր համաքաղաքացիները մատնանշեցին որպէս ժողովրդի թեկնածու եւ որին Ազգային ժողովը տուեց այդպիսի հնարաւորութիւն, պէտք է շարունակի կատարել այն պարտականութիւնը, որը ստանձնել է: Ինքը ունի ապացուցելու բան, ինքը ունի աշխատանք կատարելու, եւ մենք պատրաստ ենք որպէս ընդդիմութիւն ապագայ խորհրդարանում հաւասարակշռել դա», -ըսած է Սարգսեանը:

Վիգէն Սարգսեանի խօսքով՝ Հանրապետականը գրպանային ընդդիմութիւն չէ, Հայաստանը, ըստ անոր, այժմ Հանրապետականի կարիքն ունի: Աւելին՝ ան կը կարծէ, որ 9 դեկտեմբերին՝ ընտրութիւններու օրը, ՀՀԿ-ի օգտին պէտք է քուէարկէ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը։

«Ես կարծում եմ, որ եթէ Նիկոլ Փաշինեանը ազնիւ է իր ձգտման մէջ՝ նոր Հայաստան կառուցելու, ինքը մենակ մնալով քուէախցիկում՝ քուէարկելու է Հանրապետական կուսակցութեան օգտին: Որովհետեւ նա անձամբ այլընտրանք պէտք է որ չտեսնի իրեն որպէս բանավէճի գործընկեր ապագայ խորհրդարանում: Եթէ նա դա չանի, ուրեմն՝ նա ուզում է ունենալ գրպանային ընդդիմութիւն», -ըսած է Սարգսեանը:

Թէ ովքեր պիտի ըլլան Հանրապետականի միւս թեկնածուները, Սարգսեանը չէ մանրամասնած, նշելով, որ չորեքշաբթի օր ցուցակը պիտի ներկայացնեն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով։ Ըստ պաշտպանութեան նախկին նախարարի, Սերժ Սարգսեանը պիտի չմասնակցի ընտրութիւններուն, սակայն, պիտի շարունակէ գլխաւորել Հանրապետական կուսակցութիւնը։

«Կարծես կուսակցութեան նախագահի փոփոխութեան հարց պէտք է լինէր: Ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեանը, այդուհանդերձ, չհեռացաւ», – «Ազատութեան» այս հարցին Վիգէն Սարգսեանը արձագանգած է․ – «ՀՀԿ-ի նախագահի հարցը քննարկուում եւ լուծուում է կուսակցութեան համագումարում՝ ըստ կանոնադրութեան, եւ 19 թուականի գարնանը, այսպէս թէ այնպէս, մենք պէտք է ունենայինք համագումար: Այս պայմաններում համագումար կազմակերպելը չափազանց կարեւոր գործընթաց է եւ որեւէ ձեւականութիւններից զուրկ պէտք է լինէր, այսինքն՝ իրական, լուրջ քննարկումներ տեղերում, մեր պատկերացմամբ՝ շրջանային, մարզային մակարդակում, այնուհետեւ՝ ընդհանուր համագումարում, եւ այդ համագումարում պէտք է ձեւաւորուի նաեւ կուսակցութեան ղեկավար կազմը: Ես կարծում եմ, որ այս ընտրութիւնները առաջ բերելու նպատակներից մէկը նաեւ մեր կուսակցութեանը նորմալ համագումար կազմակերպելու հնարաւորութիւնից զրկելն էր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment