Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախիջեւանի Ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը Ոչ Մէկ Տարածք Գրաւած են . Դաւիթ Տօնոյեան

Նախիջեւանի Ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը Ոչ Մէկ Տարածք Գրաւած են . Դաւիթ Տօնոյեան

by MassisPost

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանի Նախիջեւանի հատուածին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը տարածքներ չեն գրաւած։ Այս մասին 12 նոյեմբերին Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը:

«Նախիջեւանի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ոչ մի տարածք չեն գրաւել։ Դա եղել է միջդիրքային տարածութիւն, որը կրճատուել է։ Ընդ որում՝ Նախիջեւանի Հանրապետութեան տարածքում, որտեղ ՀՀ զինուած ուժերը երբեւէ վերահսկողութիւն չեն իրականացրել»,- նշած է Տօնոյեանը։

Նախարարի պաշտօնակատարի խօսքով՝ հայկական կողմը անոր հետեւանքները չէզոքացնելու համար համապատասխան գործողութիւններ իրականացուցած է:

Հարցին՝ արդեօք հայկական կողմը այդ ուղղութեամբ դիրքային բարելաւումներ ունի, նախարարը պատասխանած է՝ այո։

«Այո, եւ ոչ մէկ տեղ։ Ընդ որում՝ ոչ պարտադիր ՀՀ տարածքում»,- ըսած է նախարարի պաշտօնակատարը։

Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցով նեղ ձեւաչափով քննարկումներ տեղի ունեցած են անդամ պետութիւններու միջեւ:  Մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը:

«Բոլորիս խորհուրդ եմ տալիս սպասել դեկտեմբերի 6-ին: Քննարկումներ են եղել նեղ ֆորմաթով, որոնց մասին տեղեկութիւնները հասանելի չեն: Այդ նեղ ֆորմաթով որոշում է կայացուել գլխաւոր քարտուղարի հարցին անդրադառնալ եւ այն քննարկել դեկտեմբերի 6-ին»,- ըսած է Դաւիթ Տօնոյեանը: Նախարարի պաշտօնակատարը նշած է, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը միջազգային է եւ անոր քաղաքացիութիւնը չազդեր հայանպաստ կամ հակառակ որոշումներու ընդունման վրայ: «Մենք այդ պաշտօնը զբաղեցնելու դեռեւս մօտ 1.5 տարի ունենք, բայց ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը միջազգային է, եւ այն որեւէ կերպ չի ազդում հայանպաստ կամ հակառակ որոշումների ընդունման վրայ՝ լինի նա Հայաստանի, թէ այլ երկրի ներկայացուցիչ»,- ընդգծած է նախարարի պաշտօնակատարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment