Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլթընի Յայտարարութիւններէն Շատ Արագ Հետեւութիւններ Պէտք Չէ Ընել. Արմէն Սարգսեան

Պոլթընի Յայտարարութիւններէն Շատ Արագ Հետեւութիւններ Պէտք Չէ Ընել. Արմէն Սարգսեան

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի յայտարարութիւններէն շատ արագ հետեւութիւններ պէտք չէ ընել:  Այս մասին, 9 նոյեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը:

Հարցին, թէ ինչ տպաւորութիւն ստացած է Պոլթընի ոչ դիւանագիտական յայտարարութիւններէն, նաեւ ամերիկեան պատժամիջոցները Իրանի նկատմամբ ինչ իրավիճակ կը ստեղծեն՝ տարածաշրջանի, այդ շարքին Հայաստանի համար, Արմէն Սարգսեանը պատասխանած է. «Ես չեմ կարծում, որ հետեւութիւնները պէտք է արուեն այս կամ այն յայտարարութիւններից ելնելով, որովհետեւ քաղաքականութիւնը, լինի դա ներքին քաղաքականութիւն, արտաքին, մանաւանդ տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը տինամիք գործընթաց է:

Խօսքը ոչ միայն Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւնների մասին է, այլ ԱՄՆ-տարածաշրջան յարաբերութիւնների մասին: Իսկ տարածաշրջանը շատ աւելի մեծ է, ոչ միայն մեր հարեւաններն են եւ Իրանը, այլեւ ԱՄՆ-Եւրոպա, ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւնները:

Անձնապէս ես պարոն Պոլթընին չեմ հանդիպել, որովհետեւ այդ ժամանակ ես Հայաստանում չէի, ԱՄՆ-ում էի, բայց ես կարծում եմ եւ խորհուրդ եմ տալիս՝ շատ արագ հետեւութիւններ չանել: Գործընթացները իրենք արագ են, փոփոխական եւ պէտք է սպասել, տեսնենք մօտակայ ժամանակաշրջանում ինչպիսին կը լինի ԱՄՆ-ի իրական քաղաքականութիւնը տարածաշրջանում»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment