Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յեղափոխութիւնը Անշրջելի է՝ Սփիւռքի Ներուժը Օգտագործելու Հնարաւորութիւն Կայ. Համբիկ Սարաֆեան

Յեղափոխութիւնը Անշրջելի է՝ Սփիւռքի Ներուժը Օգտագործելու Հնարաւորութիւն Կայ. Համբիկ Սարաֆեան

by MassisPost

Սփիւռքէն հետեւելով հայաստանեան ներքաղաքական կեանքին՝ ՍԴՀԿ ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանը փորձած է աջակցիլ ընդդիմութեան: «Հոկտեմբերի 27-ը եւ անոր յաջորդող իրադարձութիւնները «Հնչակեան» կուսակցութեան համար բեկումնային եղան: Մենք հասկցանք, որ այն փոփոխութիւնները, որ կ’ակնկալէինք 98-ին, չեղան, ընդհակառակը սխալ ուղղութեամբ սկսաւ երթալ երկիրը: Մեր հայաստանեան կառոյցը միացաւ «Արդարութիւն» դաշինքին, եւ մենք ԱՄՆ-ի մէջ անոր աշխատանքներուն աջակցող գործունէութիւն սկսանք ծաւալել: 2003-էն սկսած՝ «Հնչակեան» կուսակցութիւնը եղած է ընդդիմադիր դաշտի մէջ մինչեւ այս յեղափոխութիւնը»,- «Առաջին լրատուական»- ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՍԴՀԿ ատենապետը:

«Վերջին փոփոխութիւններուն ոգեւորուած ու հետաքրքրուած մասնակցեցան ոչ միայն Հայաստանէն ներգաղթած մեր հայրենակիցները, այլ նաեւ աւանդական Սփիւռքի ներկայացուցիչները, անոնցմէ շատերը երբեք չեն զբաղուած քաղաքականութեամբ, բայց հիմա յանկարծ մեծ աշխոյժութիւն կը նկատուի անոնց շրջանին: Սփիւռքի մէջ ուրախ են եւ ոգեւորուած, որ Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն եղաւ»,- նշած է Համբիկ Սարաֆեանը՝ ընդգծելով, որ յեղափոխութիւնը անշրջելի է, եւ Սփիւռքի ներուժը օգտագործելու հնարաւորութիւն կայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment