Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայրենիք-Սփիւռք Կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի Նախկին Տնօրէնը Մասնակի Փոխհատուցած է Պետութեան Պատճառուած Վնասը

«Հայրենիք-Սփիւռք Կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի Նախկին Տնօրէնը Մասնակի Փոխհատուցած է Պետութեան Պատճառուած Վնասը

by MassisPost

Քննչական կոմիտէն տեղեկացուցած է, որ կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով (ՅԿԳ) քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ՝ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան պաշտօնատար անձանց կողմէ առերեւոյթ չարաշահումներ կատարելու դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ։ Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան (ՊՈԱԿ) մը նախկին տնօրէնի կողմէն մասնակի վերականգնուած է պատճառուած վնասը։

Կոմիտէն աւելի վաղ տեղեկացուցած էր, որ Պետական վերահսկողութեան ծառայութենէն ստացած նիւթերու հիման վրայ յարուցուած քրէական գործով փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են՝ քանի մը դրամաշնորհային ծրագիրներու իրականացման ընթացքին առերեւոյթ չարաշահումներու վերաբերեալ։

Ըստ հաղորդագրութեան, նախնական քննութեան տուեալներով՝ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի կողմէն 2015-ի ընթացքին պետական պիւտճէով յատկացուած դրամաշնորհի շրջագիծէն ներս յայտարարուած մրցոյթին մերժուած է առաւել ցած գնային առաջարկ ներկայացուցած ընկերութեան յայտը։ Փոխարէնը՝ ծառայութիւններու մատուցման պայմանագրեր կնքուած են բարձր գին առաջարկած երկու այլ ընկերութիւններու հետ՝ պետութեան պատճառելով էական վնաս:
«Բացի այդ, առերեւոյթ չարաշահումներ են յայտնաբերուել նաեւ 2015-2018թթ. ընթացքում «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան թեմայով հեռուստահաղորդումների եւ տեսահոլովակների պատրաստում, հեռարձակում, ձեռք բերում եւ բազմացում» դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակներում յայտարարուած մրցոյթի արդիւնքում կնքուած պայմանագրերի կատարման ընթացքում, «Արի տուն» դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակներում 2017թ. ընթացքում «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի առանձին պաշտօնատար անձանց գործողութիւններում, որոնց հետեւանքով պետական միջոցներից անհիմն ելքագրուել եւ վատնուել են առանձնապէս խոշոր չափերի գումարներ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Քրէական գործի շրջագիծէն ներս համատեղ կատարուած միջոցառումներու շնորհիւ՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի նախկին տնօրէնի կողմէն ՀՀ պետական վերահսկողութեան ծառայութեան հաշուին փոխանցուած է 100 միլիոն դրամ՝ որպէս պատճառուած վնասի մասնակի վերականգնում:

«Նախաքննութիւնը շարունակուում է, կատարուում են անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ՝ պետութեանը պատճառուած նիւթական վնասի իրական ծաւալները, ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձանց շրջանակը յստակեցնելու, նրանցից իւրաքանչիւրի գործողութիւններն անհատականացնելու, պատճառուած վնասի վերականգնումն ապահովելու ուղղութեամբ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment