Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Երեւանին Գերիներու Փոխանակում Առաջարկած է. «Ինթըրֆաքս»

Պաքուն Երեւանին Գերիներու Փոխանակում Առաջարկած է. «Ինթըրֆաքս»

by MassisPost

Պաքուն Երեւանին առաջարկած է փոխանակել երկու կողմերուն մօտ գտնուող գերիներուն եւ ձերբակալուած անձանց` «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով: Երեւանը առայժմ չէ արձագանգած առաջարկին: Այս մասին յայտնած է «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր քաջատեղեակ աղբիւրը:

Գործակալութիւնը նշած է, որ Ատրպէյճանի մէջ այս պահուն երեք Հայաստանի քաղաքացիներ կը պահուին` Արսէն Պաղտասարեանը, Կարէն Ղազարեանը, Զաւէն Կարապետեանը, որոնց պաշտօնական Պաքուն կը համարէ գործակալներ` մեղադրելով պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ: Անոնք Ատրպէյճանի մէջ երկարատեւ ազատազրկման դատապարտուած են:

Հայկական կողմը եւս երեք ատրպէյճանցի կը պահուի: Շահպազ Կուլիեւը եւ Տիլհամ Ասքերով ձերբակալուած են 2014 թուականին` Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին: Ղարաբաղեան դատարանը Ասքերովը ցմահ ազատազրկման դատապարտած է, իսկ Կուլիեւը` 22 տարուան ազատազրկման` մեղաւոր ճանչնալով շարք մը ծանր յանցանքներու մէջ` լրտեսութեան, պետական սահմանի ապօրինի հատման, ռազմամթերք կրելու, առեւանգման, սպանութեան մէջ: Հայկական կողմին մօտ գտնուող երրորդ ատրպէյճանցին Էլնուր Հիւսեյնզատէն է, ան ձերբակալուած է անցեալ տարի Լեռնային Ղարաբաղի Թալիշ գիւղի ուղղութեամբ:

Գաղտնի մնալու սկզբունքով ռուսաստանեան առաջատար գործակալութեան հետ զրուցած աղբիւրը նշած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը գերիներու փոխանակման փորձ ունին դեռ 1996 թուականէն, երբ պատերազմի աւարտէն շուրջ երկու տարի անց Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հեյտար Ալիեւը քանի մը հայաստանցիներու փոխանակած է Հայաստանի մէջ պահուող ատրպէյճանցի գերիներու հետ: «Ինթըրֆաքս»-ի աղբիւրը աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանը Հայաստանին կ’առաջարկէ փոխանակման այդ սկզբունքը կիրառել նաեւ ապագային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment