Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Զուարթնոց» Օդակայանը Շարլ Ազնաւուրի Անունով Վերակոչելու Թեմայով Հանրային Քննարկում Պիտի Ըլլայ

«Զուարթնոց» Օդակայանը Շարլ Ազնաւուրի Անունով Վերակոչելու Թեմայով Հանրային Քննարկում Պիտի Ըլլայ

by MassisPost

ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը հրաւիրած է մասնակցելու «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը Շարլ Ազնաւուրի անունով վերակոչելու թեմայով հանրային քննարկման: Նախարարութեան կայքէն կը տեղեկանանք, որ այն քաղաքացիները, որոնք կ’ուզեն կարծիք յայտնել վերոնշեալ հարցի վերաբերեալ, մինչեւ 5 նոյեմբեր պէտք է լրացնեն յայտաձեւը:

Քննարկման օրուան ժամի եւ վայրի մասին լրացուցիչ պիտի յայտնեն դիմումներու ժամկէտի աւարտէն ետք՝ մէկ շաբաթուան ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ Շարլ Ազնաւուրը մահացաւ  Հոկտեմբեր 1-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment