Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ եւ ՅՔԾ Ղեկավարներու Զրոյցի Ձայնագրութեան Հրապարակման Գործով Ռոպերթ Քոչարեանին Տուժողի Կարգավիճակ չէ Տրուած

ԱԱԾ եւ ՅՔԾ Ղեկավարներու Զրոյցի Ձայնագրութեան Հրապարակման Գործով Ռոպերթ Քոչարեանին Տուժողի Կարգավիճակ չէ Տրուած

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) ղեկավարներու հեռախօսային խօսակցութեան ձայնագրութեան հրապարակման վերաբերեալ Քննչական կոմիտէի մօտ քննուող գործի շրջածիրէն ներս Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին տուժողի դատավարական կարգավիճակ տալու միջնորդութիւնը մերժուած է: Այս մասին կը հաղորդէ նախկին նախագահի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Խուդոյեանը, որ ներկայացուցած էր միջնորդութիւնը:

«Միջնորդութիւնը ներկայացուել էր, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ հրապարակուած ձայնագրութեան բովանդակութիւնը պարունակում է այնպիսի տուեալներ, որոնք առերեւոյթ հաստատում են Ռոպերթ Քոչարեանի ազատութիւնն ապօրինի սահմանափակելուն ուղղուած գործողութիւնների կատարման փաստը: Քննչական կոմիտէն միջնորդութիւնը մերժել է պատճառաբանելով, որ ձայնագրութիւնում դատարանի վրայ ազդեցութիւն ունենալու մասին պարունակող տուեալները պարզելու ուղղութեամբ Քննչական կոմիտէն նախաքննութեան ընթացքում ձեռնարկել է համապատասխան քննչական եւ դատավարական գործողութիւններ, սակայն դրանց արդիւնքում դատարանի գործունէութեանը միջամտելու վերաբերեալ տուեալներ ձեռք չեն բերուել», – ըսուած է Խուդոյեանի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախկին նախագահի ներկայացուցիչը յայտնած է նաեւ, որ Քոչարեանին դատավարական կարգավիճակ տալու միջնորդութիւնը մերժելու մասին Քննչական կոմիտէի որոշումը պիտի բողոքարկեն Հայաստանի գլխաւոր դատախազին:

Յիշեցնենք, որ Ռոպերթ Քոչարեանը 2008 թուականի «Մարտի 1»-ի քրէական գործով կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ: 27 Յուլիսին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրած էր կալանաւորումը: 13 Օգոստոսին Վերաքննիչ դատարանը վերացուց առաջին ատեանի դատարանի որոշումը եւ Քոչարեանը ազատ արձակեց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment