Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երբ Լրագրողները կը Կոչեն «Ժողովուրդի Թշնամի»

Երբ Լրագրողները կը Կոչեն «Ժողովուրդի Թշնամի»

by MassisPost

Երեք շաբաթներ առաջ Սէուտցի յայտնի լրագրող ու յօդուածագիր Ժամալ Խաշըքճի մուտք գործեց Իսթանպուլի Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը, իր սպասուող ամուսնութեան հետ կապուած փաստաթուղթեր դասաւորելու համար: Խաշըքճի անգամ մըն ալ դուրս չեկաւ հիւպատոսարանի շէնքէն ու երբ թրքական աղբիւրները սկսան տարածել անոր սարսափազդու սպանութեան մասին լուրերը, աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ այս հարցին վրայ ու կը շարունակէ մնալ այդպէս:

Սէուտական կառավարութիւնը նախ հերքելէ ետք Ժամալ Խաշըքճի «անհետացման» հետ որեւէ առնչութիւն ունենալը, վերջապէս եկաւ յայտարարելու թէ, գաղտնի սպասարկութեան խումբ մը աշխատակիցներուն եւ Խաշըքճիի միջեւ հիւպատոսարանէն ներս ծագած վէճի ընթացքին ան «սխալմամբ սպաննուած է», իսկ երկրի փաստացի ղեկավար՝ գահաժառանգ Մուհամատ Պին Սալման տեղեակ չէ եղած այս բոլորէն:

Բնականաբար, այս զաւեշտալի բացատրութիւնը համոզիչ չէր կրնար ըլլալ եւ ոչ մէկ տրամաբանութեան մէջ չէր կրնար տեղաւորուիլ:

Լրագրողներու պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն 2018 թուականին աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ սպաննուած են 48 լրագրողներ եւ մեծ մասի պարագային, պատասխանատուները մնացած են անպատիժ:
Նշանաւոր լրագրողի ողբերգական մահը եկաւ նաեւ ուշադրութիւն սեւեռելու երկու այլ երկիրներու ղեկավարներուն վրայ, որոնք իրենց խօսքով ու գործով, վերջին տարիներուն մեծ վնաս հասցուցին մամուլի ազատութեան եւ լրագրողներու ապահովութեան հարցով:

Առաջինը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանն է, որ այս դէպքը Կ՛օգտագործէ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր ունեցած տարածաշրջանային հարցերը լուծելու համար: Ան ոչ թէ մտահոգ է լրագրողի մը ճակատագրով այլ կը փորձէ հանրային կարծիքին ներկայանալ որպէս այդպիսին: Բոլորին ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն, յատկապէս 2016 թուականի պետական յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք, Թուրքիոյ մէջ լայնածաւալ հալածանք շղթայազերծուած է Էրտողանին ընդդիմադիր մամուլին եւ լրագրողներու դէմ: Ներկայիս թրքական բանտերը լեցուած են հարիւրաւոր լրագրողներով ու փակուած են բազմաթիւ թերթեր ու այլ լրատուամիջոցներ:

Երկրորդը՝ Ամերիկայի նախագահ Տոնալտ Թրամփի վերաբերմունքն է մամուլի նկատմամբ: Ան ոչ միայն «սուտ լուր» կը կոչէ, մամուլի բոլոր այն հրապարակումները, որոնք իրեն համար հաճելի չեն, այլ քայլ մը առաջ երթալով ու օգտագործելով ստալինեան բառապաշար, Ամերիկացի յայտնի լրագրողները հրապարակաւ կ՛անուանէ «ժողովուրդի թշնամիներ», զանոնք արժանացնելով իր ծայրայեղ համակիրներու պարսաւանքին ու սպառնալիքներուն, վտանգելով անոնց ապահովութիւնն ու կեանքը:

Անցեալին, Ամերիկան օրինակ կը ծառայէր աշխարհինª որպէս մամուլի ազատութեան պաշտպան երկիր: Թրամփի նախագահութեան շրջանին չափանիշերը շրջուած են ու Ամերիկայի ղեկավարը ճիշդ հակառակ կանաչ լոյս կու տայ այլ երկիրներու բռնապետներուն, որոնք սկսած են աւելի սանձարձակ գործել զիրենք քննադատողներուն նկատմամբ:

Ճիշդ է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ լրագրողները պետական հալածանքի չեն ենթարկուիր, շնորհիւ այս երկրէն ներս գոյութիւն ունեցող ամուր հաստատութիւններուն, սակայն Թրամփ, Ամերիկացի լրագրողները կոչելով «Ժողովուրդի Թշնամի», կը վտանգէ Ժամալ Խաշըքճիներու կեանքը ամէնուրեք:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment