Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՅՔԾ-ն «Հետք»-ի Հրապարակման Հիման Վրայ Քրէական Գործ Յարուցած է

ՅՔԾ-ն «Հետք»-ի Հրապարակման Հիման Վրայ Քրէական Գործ Յարուցած է

by MassisPost

«Հետք»-ի՝ 24 Սեպտեմբերին հրապարակած «Ընտրեալներու թաղամասը» վերտառութեամբ հրապարակման հիման վրայ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը քրէական գործ յարուցած է։ Այս մասին «Հետք»-ին յայտնած են գլխաւոր դատախազութենէն։

Քրէական գործը յարուցուած է 8 Հոկտեմբերին՝ պաշտօնատար անձի կողմէ իր պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու յատկանիշներով։ Նախաքննութեան ընթացքին ստուգման ենթարկուած են հրապարակման մէջ տեղ գտած բոլոր հանգամանքները:

Յիշեցնենք, որ «Հետք»ը «Ընտրեալներու թաղամասը» հրապարակմամբ անդրադարձած էր Երեւան քաղաքի Ազատութեան պողոտայի եւ Պապայեան փողոցներու մէջ տեղակայուած նախկին եւ ներկայ պաշտօնեաներու առանձնատուներուն։ Ներկայացուցած էր այս տարածքին մէջ պաշտօնեաներու կողմէն սեփականաշնորհուած հողերու, բնակելի տուներու կառուցապատման գործարքները։ Պարզած էր, որ որոշ պաշտօնեաներ համայնքէն անհատոյց կարգով հողեր վերցուցած էին ներդրումային, ընկերային ծրագիրներ իրականացնելու համար, սակայն յետագային սեփականաշնորհած էին անոնք։

Ազատութեան պողոտայի եւ Պապայեան փողոցի մէջ առանձնատուներ, հողակտորներ ունին նախկին վարչապետներ Յովիկ Աբրահամեանն ու Կարէն Կարապետեանը, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանը, անոր որդին, ՅՔԾ նախկին պետ Անդրանիկ Միրզոյեանը, Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Վարդան Յարութիւնեանը, գործող պատգամաւորներ Միհրան Պօղոսեանը, Սեյրան Սարոյեանը, Վահան Յարութիւնեանն ու անոր եղբայրը, ԱԺ նախկին նախագահներ Արմէն Խաչատրեանը եւ Տիգրան Թորոսեանը, նախկին պատգամաւորներ Գագիկ Աբրահամեանն ու Յովհաննէս Սոֆոյեանը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան միացեալ շտապի պետի տեղակալ Հայկազ Բաղմանեանը, Ճանապարհային ոստիկանութեան պետի տեղակալ Արթուր Տօնոյեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment