Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Չընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծը

Ազգային Ժողովը Չընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծը

by MassisPost

Ազգային ժողովը չէ ընդունած  Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծը։ Անոր կողմ քուէարկած է 56 պատգամաւոր, այնինչ պէտք էր 63 կողմ ձայն։ Դէմ քուէարկած է 3 պատգամաւոր։ Մնացածը չեն մասնակցած քուէարկութեան։ ՀՀԿ-ն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ կողմ չէ նախագիծին։

Թէեւ Կառավարութեան ներկայացուցած նախագծին կողմ քուէարկած է գրանցուած 69 պատգամաւորներէն 56-ը, դէմ՝ 3-ը, փաթեթի ընդունումը ձախողած է, քանի որ սահմանադրական օրէնքի ընդունման համար անհրաժեշտ է առնուազն 63 ձայն:

ՀՀ կառավարութիւնը 16 Հոկտեմբերի նիստին հաւանութիւն տուած էր Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու փաթեթին: Այնուհետեւ ՀՀ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանը, ՀՀ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Արտակ Զեյնալեանը փաթեթի վերաբերեալ քննարկումները շարունակած են ԱԺ խմբակցութիւններու հետ, լսած անոնց առաջարկները: ԱԺ պետաիրաւական եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովը 19 Հոկտեմբերին հաւանութիւն տուած էր Ընտրական օրէնսգիրքին եւ յարակից նախագիծերու փաթեթին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծին: Անկէ ետք Վենետիկի յանձնաժողովը եւս յայտարարութիւն ընդունած էր ՀՀ ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծերու վերաբերեալ: Անոր մէջ մասնաւորապէս նշուած էր, որ առաջարկուող փոփոխութիւնները  օրինական նպատակներ կը հետապնդեն եւ հիմնականին մէջ դրական են:

Ընտրական օրէնսգիրքի առաջարկուող բարեփոխումներով   վարկանշային ընտրակարգէն անցում պէտք է կատարուէր համամասնական ընտրակարգի, խորհրդարանի անցողիկ շեմը պիտի նուազեցուէր մէկ տոկոսով, պիտի կրճատուէր ընտրական գրաւը:

Խորհրդարանին մէջ նախքան ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծի քուէարկութիւնը Ելք խմբակցութեան ղեկավարը 20 վայրկեան ընդմիջում վերցուցած է։ Ելքի պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեանը ըսած է, որ կառավարութիւնը կը բանակցէր, որ որոշ պատգամաւորներ գային խորհրդարան ու կողմ քուէարկէին:

ՀՀԿ-ի որոշումը՝ դէմ ըլլալ Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծին, փոքրիկ սաբոտաժ է, որմէ կը տուժի քաղաքական դաշտը: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Ելք խմբակցութեան պատգամաւոր Ալէն Սիմոնեանը: «Ես չեմ հասկանում, ինչու են նրանք գնում քաղաքական ինքնասպանութեան: Դրանից քաղաքական դաշտն է տուժում, Քաղաքացիական պայմանագիրը չի տուժում»,- ըսած է ան:

Ան նշած է, որ եթէ նոր Ընտրական օրէնսգիրքով ընտրութիւններու երթային, աւելի շատ կուսակցութիւններ կրնային ներկայացուած ըլլալ խորհրդարանին մէջ: «Իրենք ամէն ինչ արեցին, որպէսզի շարունակեն քաղաքական դաշտը ոչնչացնել, եւ վստահ եմ, որ նորից գալու են, դոշ են ծեծելու, ասելու են՝ մենք Հայաստանի ժողովրդի համար ուղղակի մեռնում ենք, ամէն ինչ արել ենք»,- ըսած է Սիմոնեանը:

«Ազգային ժողովում տեղի ունեցած քուէարկութեամբ տապալուեցին Ընտրական օրէնսգրքում կառավարութեան առաջարկած փոփոխութիւնները»,- այս մասին ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը եւ աւելցուցած. «Ընդ որում, հարկ եմ համարում նշել, որ առաջարկուող փոփոխութիւնները ԸՕ-ն առաւել ժողովրդավարական, աւելի պարզ դարձնելու նպատակ ունէր եւ ժողովրդի ընտրութիւնը հեշտացնելու խնդիր ունէր»:

Անոր քաղաքական գնահատականը հետեւեալն է՝  այս քուէարկութեամբ ԱԺ-ն եւս մէկ անգամ ի ցոյց դրաւ, որ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները անխուսափելի են եւ առանց արտահերթ ընտրութիւններու չեն կրնար որեւէ քայլ ընել. «Ըստ էութեան, այսօրուայ քուէարկութիւնը ցոյց տուեց իրերի իրական դրութիւնը, երբ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ նրա կողմնակիցներն ամէն ինչ անում են սապոթաժի քաղաքականութիւն վարելու համար, որը վերջին 20 օրուայ ընթացքում մի քանի անգամ ակնյայտ երեւաց: Նրանք յոյս ունեն, որ այս ճանապարհով խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները կը կարողանան վերածել ռեւանշի (վրիժառութեան) գործիքի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment