Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումները Լիբանանի Մէջ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումները Լիբանանի Մէջ

by MassisPost

Հոկտեմբեր 20-ին, Լիբանան կատարած աշխատանքային այցի շրջագիծէն ներս Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած է Երկրի նախագահ Միշէլ Աունի, Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի եւ Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Նոյն օրը երեկոյեան, Հայաստանի դեսպանատունէն ներս ան հանդիպած է հայ աւանդական կուսակցութիւններու՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ` ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական Կոմիտէի ատենապետ Յակոբ Բագրատունիի, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեանի եւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տաքէսեանի գլխաւորութեամբ:

sdhp-pashinian-lebanon

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է Լիբանանի աւանդական հայ կուսակցութիւններու հետ հանդիպումը` Հայաստանի զարգացման, Հայաստան-սփիւռք-արցախ կապերու սերտացման եւ համահայկական օրակարգի հարցերը քննարկելու առումով: Ան ընդգծած է իր առանձնայատուկ վերաբերմունքը Լիբանանի հայութեան եւ երիտասարդութեան նկատմամբ` շնորհակալութիւն յայտնելով թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ անոնց աջակցութեան եւ ակտիւ դիրքորոշման համար:

Երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կարեւոր նկատած են Փաշինեանի այցը Լիբանան` նշելով, որ այն կը նպաստէ երկու երկրներու եւ ժողովուրդներու յարաբերութիւններու սերտացման: Անոնք ողջունած են Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով կատարուող փոփոխութիւնները եւ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցած են Լիբանանի հայութեան պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Արցախի եւ Հայաստանի հզօրացմանն ուղղուած ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ հայ-լիբանանեան բազմաոլորտ կապերու խորացման:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը Լիբանանի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչների հետ քննարկել է ներհայաստանեան քաղաքական գործընթացներուն, ընթացիկ իրավիճակին եւ յառաջիկայ զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ ներկայացուցիչներն ընդգծած են, որ անհրաժեշտ է պահպանել ժողովրդական միասնութեան եւ համախմբուածութեան ոգին` կարեւորելով ՀՀ քաղաքական ուժերու միջեւ երկխօսութեան շարունակականութիւնը` ի շահ Հայաստանի յառաջընթացի:

Անոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Նիկոլ Փաշինեանին ու ՀՀ կառավարութեան՝ նոր Հայաստանի զարգացման տեսլականը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարն իր կեցութեան վայրին մէջ նաեւ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի հայկական «Արարատ», «Ազդակ» օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներուն եւ «Սեւան» ու «Վանայ Ձայն» ռատիոկայաններու տնօրէններու հետ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը, տիկնոջ ընկերակցութեամբ Կիրակի, Հոկտեմբեր 21, այցելած է Անթիլիաս, ուր հանդիպում ունեցած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ: Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ զետեղած է Եղեռնի յուշարձանին:
Ապա, Փաշինեան մասնակցած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռնադրման 50-ամեակի արարողութեան:

Նոյն օրը, Վարչապետի պաշտօնակատարը այցելած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը եւ Զմմառի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան:

pashinyan-aoun pashinyan-beri

pashinyan-hariri

pashinian-media

pashinyan-lebanon-4

pashinyan-haigazian

pashinyan-zmar

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment