Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա մեկնաբանած է Հայաստանի իր գործունէութիւնը աւարտած ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլզի գնահատականները՝ զանոնք որակելով միջամտութիւն Հայաստանի ներքին գործերուն:
17 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ Զախարովան անդրադարձած է Միլզի այն յայտարարութեան, որ ԱՄՆ դեսպանատունը տասնամեակներ շարունակ աջակցած է շարք մը խումբերու եւ Հայաստանի կառավարութեան անդամ շարք ներկայացուցիչներու։
«Ինքնիշխան պետութեան ներքին գործերուն միջամտութեան մասին դեսպանը խօսել է առանց դոյզն ինչ քաշուելու, աւելին՝ հպարտութեամբ: Իբր, այս ամենն արդարացուած է եւ պետք է բարի նպատակների համար՝ «Հայաստանը դարձնել աւելի արդար ու թափանցիկ հանրութիւն», – ըսած է Զախարովան՝ աւելցնելով, որ ինչ-որ պահու դեսպանը հասկցած է, որ նիւթը այլ տեղ կը տանի։ Դեսպանը խօսած է նաեւ հայ ժողովրդի անբեկանելի կամքի ու փոփոխութիւններու մասին:
«Եկէք որոշենք, այլ երկրների գործերին միջամտութիւնը լաւ է, թէ վատ», – արձագանգած է Զախարովան: