Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանախախտներու Խումբ մը Ձերբակալուած է Հայ-Թրքական Սահման

Սահմանախախտներու Խումբ մը Ձերբակալուած է Հայ-Թրքական Սահման

by MassisPost

16 Հոկտեմբերի առաջին ժամերուն ռուս սահմանապահները ձերբակալած են հայ-թրքական սահմանը ապօրինի խախտելու փորձ ձեռնարկած խումբ մը:

Սահմանախախտները փորձած են գիշերը գաղտնի մտնել Արաքս գետ ու կարճ ժամանակահատուածին ընթացքին հատել սահմանը: Սակայն Արտաշատի սահմանապահ ջոկատի զինծառայողները իրենց գործողութիւններու շնորհիւ կանխած են հայ-թրքական սահմանը ապօրինի հատելու հերթական փորձը:Նախնական տուեալներով ձերբակալուածները ծագումով Հարաւային Ասիայէն են:

Սահմանը ապօրինի հատելու նպատակը դեռ պիտի պարզուին: Սահմանուած օրէնսդրական կարգի համաձայն՝ սահմանախախտները փոխանցուած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն:

Նշենք, որ  այս  մէկը   վերջին երեք օրերու ընթացքին հայ-թրքական սահմանը ապօրինի կերպով  հատելու 3-րդ դէպքն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment